Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Անկախ Դիտորդը» Կասկածներ Ունի, Որ Ընտրողներուն Վրայ Ապօրինի Ազդեցութեան Դէպքեր Եղած Են «Հայաստան» Դաշինքի Կողմէ

«Անկախ Դիտորդը» Կասկածներ Ունի, Որ Ընտրողներուն Վրայ Ապօրինի Ազդեցութեան Դէպքեր Եղած Են «Հայաստան» Դաշինքի Կողմէ

by MassisPost

«Հայաստան» դաշինքի կողմէ ընտրողներուն վրայ հնարաւոր ապօրինի ազդեցութիւն ու ընտրակաշառքի բաժանման դէպքեր եղած են». նման կասկածներ ունի «Անկախ դիտորդը», որ քուէարկութեան տուեալները ուսումնասիրելով պարզած է, որ այն ընտրատեղամասերը, ուր առաւօտեան ժամերուն կուտակումներ եղած են, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն ու «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնները միաւորող դաշինքը միջինէն աւելի ձայներ ստացած է։

«Այն տեղամասերում, որտեղ մասնակցել է առաւել մեծ տոկոսը, առաւել բարձր են վերջում արձանագրուել «Հայաստան» դաշինքի ձայները։ Եւ այդպիսի տեղամասերում առաւել ցածր են եղել «Քաղաքացիական պայմանագրի» ձայները։ Ինչպէս տեսնում էք, «Պատիւ ունեմ»-ինը համարեա չի փոխւում», – լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ դաշինքի ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեան։

Իոաննիսեան ուսումնասիրութեան արդիւնքները մտահոգիչ որակած է եւ ըսած է, թէ նման պատկեր սովորաբար կը գրանցուին ընտրողներու վրայ ապօրինի ազդեցութիւններու եւ ընտրակաշառքի բաժանման պարագային։

«Անկախ դիտորդի» ներկայացուցիչները միեւնոյն ժամանակ ընդգծած են, որ իրենց ուսումնասիրութեան արդիւնքները յանցագործութեան ուղղակի ապացոյց չեն։

«Նման գործողութիւնների դիմող անձինք իրենց կողմից վերահսկուած ընտրողներին առաւօտեան են բերում ընտրական տեղամասեր եւ փորձում տեսնել, թէ էլ ով չեկաւ, որպէսզի մինչեւ երեկոյեան ժամը ութը հասցնեն բերեն։ Շատ մօտաւոր հաշուարկ է դա, բայց խօսքը մօտ ութսուն հազար ընտրողի մասին է»,- Դանիէլ Իոաննիսեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment