Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազութիւնը Հրապարակած Է Ընտրական Յանցագործութիւններու Վերաբերեալ Վերջին Տուեալները

Դատախազութիւնը Հրապարակած Է Ընտրական Յանցագործութիւններու Վերաբերեալ Վերջին Տուեալները

by MassisPost

37 քրէական գործ, 26 մեղադրեալ, որոնցմէ 6-ը պատգամաւորութեան թեկնածուներ են, արտահերթ ընտրութիւններու ժամանակ ընտրական յանցագործութիւններու վերաբերեալ Գլխաւոր դատախազութեան հրապարակած վերջին տուեալներն են։

6 թեկնածուներէն 5-ը կալանաւորուած են, մէկը՝ ձերբակալութենէն ազատ արձակուելէն յետոյ լքած է երկիրը, «Պատիւ ունեմ» դաշինքի այս թեկնածուն կը հետախուզուի։ Անոր անունը չէ հրապարակուած։ 6 թեկնածուներէն 4-ը Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի Հանրապետականի եւ ԱԱԾ նախկին տնօրէն՝ Արթուր Վանեցեանի գլխաւորած «Պատիւ ունեմ» դաշինքէն են, մէկը՝ ընտրութիւններուն պահանջուող շեմը չյաղթահարած, մեծահարուստ՝ Գագիկ Ծառուկեանի առաջնորդած «Բարգաւաճ Հայաստանի» թեկնածուներէն, 6-րդն ալ «Հայաստան դաշինքի» պատգամաւորութեան թեկնածու՝ Արմէն Չարչեանն է։ Միայն Չարչեանն է, որ կը մեղադրուի ընտրութիւններուն մասնակցելուն հարկադրելու համար։ Միւս թեկնածուները կը մեղադրուին ընտրակաշառք տալու համար։

Չնայած ընտրակաշառք տալու յանցակազմով՝ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը չ’անցնիր, ընտրութիւնները դիտարկած «Անկախ դիտորդ» դաշինքը ընտրախախտումներու վերաբերեալ իրաւապահներուն ներկայացուցած իր հաղորդումներով մեծապէս շեշտադրած է «Հայաստան» դաշինքի կողմէ ընտրակաշառք բաժնելու եւ վարչական միջոցներ կիրառելու մասին, «Ազատութիւն»ին ըսաւ դաշինքի ներկայացուցիչ Դանիէլ Իոաննիսեանը։

«Պէտք է ընդգծենք, որ նաեւ մեր հաւաքած տեղեկութիւնների, մեր աղբիւրների համաձայն՝ «Հայաստան» դաշինքը շատ աւելի զգոյշ էր աշխատում, քան «Պատիւ ունեմը», այսինքն «Պատիւ ունեմի» ներկայացուցիչները համարեա մեր դիտորդի աչքի դէմը ընտրակաշառք էին բաժանում: Այդ դէպքը բացայայտուեց Արմաւիրի մարզում: «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչները շատ աւելի զգոյշ էին աշխատում: Այդ զգուշութիւնը շատ յստակ էր, սա մէկ հանգամանք, որը բնականաբար բացայայտելիութեան վրայ ազդում է: Միւսը, ի հարկէ, այն է, որ ամէն դէպքում «Հայաստան» դաշինքը աւելի շատ կապեր ունի պետական կառավարման համակարգում, այդ թւում՝ իրաւապահ համակարգում», – ըսաւ Իոաննիսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment