Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեան. «Այո, Փաշինեանը Յաղթած Է Ընտրութիւններուն»

Սերժ Սարգսեան. «Այո, Փաշինեանը Յաղթած Է Ընտրութիւններուն»

by MassisPost

«Այո, ես կարծում եմ, որ նա յաղթել է».- Հայաստանի երրորդ նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ՝ Սերժ Սարգսեան BBC-ի ռուսական ծառայութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ընդունած է Նիկոլ Փաշինեանի յաղթանակը վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Միեւնոյն ժամանակ ակնարկած, թէ Փաշինեանի ընդդիմախօսները պարտուեցան սեփական սխալ հաշուարկներու պատճառով:

«Մենք մշտապէս ասում ենք, որ երկրում, որտեղ բազմաթիւ խնդիրներ կան, որի մի մասն բռնագրաւուած է հարեւանի կողմից, երկրում, որի բազմաթիւ զինուորներ ու սպաներ դեռ գտնւում են գերութեան մէջ, որը դեռ հողին չի յանձնել զոհուած զինուորների բոլոր աճիւնները, ընդհանրապէս ընտրութիւններ անցկացնելը ճիշդ չէ: Սակայն, ցաւօք, այս հարցում ընդդիմութիւնն ընդհանուր յայտարարի չեկաւ, եւ շատերը` իրենց անձնական պատկերացումներից ելնելով, որոշեցին գնալ ընտրութիւնների: Եւ մենք պարտադրուած էինք մասնակցել», – ըսած է նախկին նախագահը:

Սերժ Սարգսեան հարցազրոյցի ժամանակ չէ յստակացուցած, թէ կշտամբանքը Քոչարեանի՞ն էր ուղղուած, թէ՞ ընդդիմադիր դաշտի այլ ուժերուն:

Երեք տարի առաջ՝ ժողովրդական ընդվզումներէ յետոյ, իշխանութենէն հեռացած առաջնորդը աւելի բաց ու մանրամասն ղարաբաղեան խնդրին անդրադարձած է: Սարգսեան կրկին պնդած է, թէ 2018-ին` նախագահութեան երկու ժամկէտէն յետոյ որոշած էր երկարաձգել իշխանութիւնը միայն եւ միայն այդ խնդրի կարգաւորման ու հաշտութեան գործընթաց սկսելու համար:
«Մենք շատ բովանդակային բանակցութիւններ ենք վարել, ոչ ոք չի կարող մեզ մեղադրել, որ ոչմիթիզականութեան կողմնակից էինք կամ ձգձգում էինք բանակցային գործընթացը։ Որեւէ պարագայում ինձնից չէիք կարող լսել, որ մենք երբեք չենք վերադարձնի այդ հողերը։ Ես անգամ 2000-ին Ազգային ժողովում յայտարարեցի, որ Աղդամն իմ հայրենիքը չէ։ Աւելի բացայայտ կարելի՞ էր միթէ արտայայտել դա», – վստահեցուցած է Հայաստանի նախկին նախագահը՝ շարունակելով. – «Ես պատրաստ էի կրել դաւաճանի պիտակը, բայց լուծել հարցը, որպէսզի մենք չարժանանանք նման ճակատագրի: Ես չէի մտածում ոչ իմ վարկանիշի, ոչ էլ` պատմութեան մէջ մնալու մասին։ Ես մտածում էի խնդրի լուծման մասին»:

Սարգսեանի խօսքով, իր օրօք ուժեղ բանակցութիւններու հետեւանքով կողմերը հասած էին ի կէտի, երբ արդէն կ’ակնկալուէր ինչ որ փաստաթղթի ստորագրում։ Ըստ այդ սենարին, հայկական կողմը պէտք է վերադարձներ հինգ շրջանները Ղարաբաղի մէջ հանրաքուէի կայացման համաձայնութեան դիմաց` առանց անոր յստակ ժամկէտներու: Միւս երկու շրջանները՝ բացառութեամբ Հայաստանը Ղարաբաղին կապող միջանցքին, պէտք է վերադաձուէին հանրաքուէի կայացումէն յետոյ: «Կը տեղակայուէին խաղաղապահ ուժեր, եւ մենք կը սկսէինք հաշտեցման գործընթաց», – ըսած է Հայաստանի երրորդ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment