Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էմանուէլ Մաքրոն Շնորհաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը

Էմանուէլ Մաքրոն Շնորհաւորած Է Նիկոլ Փաշինեանը

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի կապակցութեամբ: Ուղերձին մէջ նշուած է.

«Մեծարգոյ պարոն վարչապետ,  թանկագին Նիկոլ,

Յունիս 20-ին Հայաստան կայացած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն ձեր գլխաւորած կուսակցութեան յաղթանակի կապակցութեամբ` ձեզ կը յղեմ իմ շնորհաւորանքներն ու յաջողութիւններ կը մաղթեմ ձեր շարունակուող պաշտօնավարման` ի շահ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարեկամ հայ ժողովուրդին:

Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ առկայ են բացառիկ յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են մեր ժողովուրդներու միջեւ պատմական առնչութիւններու վրայ եւ կը սնուցուին մեր երկիրներու կառավարութիւններու, խորհրդարաններու, տեղական իշխանութիւններու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ առանձնաշնորհեալ երկխօսութեամբ:

Ուրախ կ’ըլլամ ձեզի հետ շարունակելու ձեր առաջին մանտաթի ընթացքին մեր համատեղ նախաձեռնած աշխատանքը: Գիտէք, որ Ֆրանսան հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ ձեր ձեռնարկած բարեփոխումներուն:

Ինչպէս առիթ ունեցայ վերահաստատելու ձեզ ս.թ. Յունիս 1-ին Փարիզ կատարած ձեր այցի ընթացքին, հայ ժողովուրդը ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան ամրապնդման իր հաստատակամութեան մէջ կրնայ ապաւինիլ Ֆրանսայի լիակատար սատարման: Ֆրանսայի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութիւնը եւս կը շարունակէ ամրապնդուիլ: Վճռական լինելով շարունակել խոցելի բնակչութիւններուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու իր յանձնառութիւնը` Ֆրանսան միաբան է ձեր երկրի հետ՝ օգնելու յաղթահարել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետեւանքները Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան լիարժէք յարգման պայմաններուն:

Այդ առումով կը ցանկամ վերահաստատել Ֆրանսայի` որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի տեւական կարգաւորման որոնման հարցով: Հաւատացած եղէք, որ մենք յանձնառու ենք հիմնախնդրի կարգաւորման քաղաքական գործընթացի վերականգնման, որ միակ ուղին է, որ ի զօրու է երաշխաւորել Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ կայունութեան հաստատումը, ինչպէս նաեւ խթանել տարածաշրջանի ժողովուրդներու հետ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ բարեկամութեան մեր ընդհանուր արժէքները:

Վերստին ձեզ յղելով իմ ամենաանկեղծ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները` ընդունեցէք խնդրեմ, մեծարգոյ պարոն վարչապետ, խորին յարգանքիս հաւաստիքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment