Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Շնորհաւորած Է Փաշինեանը

Փութին Շնորհաւորած Է Փաշինեանը

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Կառավարութեան տեղեկացմամբ` Փութինը Փաշինեանը շնորհաւորած է Հայաստանի ընտրութիւններու բարեյաջող կայացման եւ անոնց մէջ իր արձանագրած յաղթանակի կապակցութեամբ:

Երկու երկիրներու ղեկավարները անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանին մէջ տիրող իրավիճակին եւ Նոյեմբեր 9-ի եւ Յունուարի 11-ի եռակողմ յայտարարութիւններու դրոյթներու իրագործման ընթացքին:

Տուեալ համաթեքսթով վարչապետի պաշտօնակատարը ընդգծած է ռազմագերիներու վերադարձի առաջնային նշանակութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment