Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլան Ահազանգած Է, Թէ Թուրքիոյ Մէջ Վնասած Են 18-րդ Դարու Հայկական Եկեղեցին

Փայլան Ահազանգած Է, Թէ Թուրքիոյ Մէջ Վնասած Են 18-րդ Դարու Հայկական Եկեղեցին

by MassisPost

Թուրքիոյ պատմական հայկական բնակավայրերուն մէջ գանձ որոնող արկածախնդիրները վնասած են Կեսարիա գտնուող 18-րդ դարու Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին: Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրես», դէպքի մասին ահազանգած է Թուրքիոյ մեճլիսի հայ պատգամաւոր, քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան անդամ՝ Կարօ Փայլան:

Եկեղեցւոյ ներսը երկու մեթրանոց փոս առաջանալու փաստի առթիւ Փայլան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար՝ Մեհմետ Նուրի Էրսոյին հասցէագրուած հարցադրում ուղարկած է մեճլիս:

Հարցադրման մէջ Փայլան նշած է, որ հին հայկական եկեղեցին, չնայած որ այդ տարածաշրջանի պատմական ու մշակութային կարեւոր կառոյցներէն է, տասնեակ տարիներու անուշադրութեան հետեւանքով մատնուած է բախտի քմահաճոյքին, իսկ այսօր դարձած է բարբարոսներու ու գանձ որոնողներու յարձակման թիրախ:

Այս բովանդակութեամբ Փայլան հարցուցած է նախարարին, թէ ինչո՞ւ եկեղեցին չ’առնուիր պաշտպանութեան ներքեւ, ինչո՞ւ այն վնասող անձերուն դէմ հետաքննութիւն չի սկսիր: Պատգամաւորը նաեւ հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ կառավարութիւնը անձայն կը մնայ քրիստոնեաներուն պատկանող մշակութային ժառանգութեան դէմ արկածախնդիր գանձ որոնողներու գործողութիւններուն դէմ, ինչո՞ւ անոնք չեն պաշտպանուիր: Քրտամէտ կուսակցութիւնը ներկայացնող Փայլան հետաքրքրուած է նաեւ, թէ արդեօք նախարարութիւնը կը պատրաստուի վերանորոգել Կեսարիոյ Սուրբ Թորոս հայկական եկեղեցին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment