Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համակարգային Վեթինկ Հայաստանի Մէջ.Ռուստամ Բադասեան

Համակարգային Վեթինկ Հայաստանի Մէջ.Ռուստամ Բադասեան

by MassisPost

Ընտրութիւններուն ստանալով իշխող քաղաքական խումբի ակնկալած «պողպատէ» մանտաթը՝ համակարգային վեթինկ (զտում) կ’իրագործեն, կը վստահեցնէ արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռուստամ Բադասեան՝ արձագանգելով քաղաքական հասարակութեան քննադատութեան, թէ յեղափոխութենէն յետոյ տապալած են այդ գործնթացը:

Բադասեանի հաւաստմամբ՝ ըրած են հնարաւորը գործող օրէնսդրութեան սահմաններուն մէջ: «Մենք վեթինկը արել ենք, արել ենք այն վեթինկը, որը որ թոյլ է տալիս անել Սահմանադրութիւնը, եւ աւելի համակարգային վեթինկ նախընտրական ծրագրով նախատեսուած է, եւ, կարծում եմ, առաջիկայում այդ աշխատանքները նոր ձեւաւորուած կառավարութիւնը կը կատարի: Դա ենթադրում է սահմանադրական փոփոխութիւններ, նախընտրական ծրագրում գրուած է՝ յստակ ինչ ուղղութիւններով, եւ միանշանակ է, որ համակարգային վեթինկ Հայաստանի Հանրապետութիւնում լինելու է», – Գիւմրիի մէջ «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսաւ Բադասեան:

Ընտրութիւններէն յետոյ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հրաւիրած հանրահաւաքին ապօրինի գոյք ունեցողներուն առաջարկեց վերադարձնել թալանածը: «Ազատութիւն»-ը Բադասեանին հարցուց, թէ արդեօ՞ք արձագանգողներ եղած են:

«Կարծում եմ՝ դատախազութիւնը պէտք է այդ հարցին պատասխանի, եւ շատ քիչ ժամանակ է անցել: Ամէն դէպքում, նշեմ, որ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին օրէնքով յստակ նախատեսուած է մինչեւ դատարան գնալը եւ դատարանում հաշտութեան համաձայնութիւն կնքելու տարբերակը, եւ ես յոյս ունեմ, որ, այո, այն անձինք, որոնք գիտակցում են եւ շատ լաւ են գիտակցում, որ առկայ է ապօրինի ծագում ունեցող գոյք, ըստ էութեան, կը գնան համերաշխութեան մթնոլորտում համագործակցութեան պետութեան հետ», – հարցին պատասխանեց արդարադատութեան նախարարի պաշտօնակատարը:

Ապօրինի ծագման գոյքի բռնագանձման օրէնքը կը գործէ: Բադասեան ըսաւ, որ կայ նախաքննական գաղտնիք, չմանրամասնելով՝ յայտնեց, որ երկու տասնեակ գործեր արդէն կան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment