Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Սկսած Է Քաղաքական Խորհրդակցութիւնները

Նիկոլ Փաշինեան Սկսած Է Քաղաքական Խորհրդակցութիւնները

by MassisPost

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներով մեծամասնութիւն ստացած «Քաղաքացիական պայմանագրի» վարչապետի թեկնածու՝ Նիկոլ Փաշինեան այսօրուընէ կը սկսի երկխօսութիւն ընտրութեան մասնակից այն ուժերուն հետ, որոնք հակուած են երկխօսելու։

Երէկուայ՝ Յունիս 21-ի յետընտրական հանրահաւաքին այս մասին յայտարարեց Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով քաղաքական ճգնաժամը արդէն յաղթահարուած է. «Մենք պարզում ենք ձեզ համախմբման մեր ձեռքը՝ ընդգծելով, որ դա չի կարող որեւէ կերպ կասկածի տակ դնել ժողովրդի առաջ մեր ստանձնած պարտաւորութիւնը գործադրելու պողպատէ մանտաթը եւ Հայաստանում հաստատելու իրաւունքի եւ օրէնքի դիկտատուրա»:

Այսօր կառավարութեան էջին վրայ յայտնուեցան տեսանիւթեր հանդիպումներէն, ուր Փաշինեան կը լսէր արտախորհրդարանական ուժերու գնահատականները, դիտարկումները եւ  մտահոգութիւնները։

marutyan-pashinyan

««Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնն իր դերն ունեցել է մեր քաղաքական կեանքում, ափսոսում եմ, որ չէք լինելու 8-րդ գումարման խորհրդարանում», – դիմելով ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանին՝ ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։ «Համերաշխութեան օրակարգը պարտուեց», – Մարուքեան պատասխանեց:

«Ես յոյս ունեմ, որ նոր ձեւաւորուած խորհրդարանը եւ խորհրդարանական ընտրութիւնների անցկացումն ամբողջութեամբ կարող են հիմք հանդիսանալ երկրում ներքաղաքական ճգնաժամը յաղթահարելու համար», – ընդգծեց ԼՀԿ-ի ղեկավարը:

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Արամ Սարգսեան ներքաղաքական խնդիրներու վերաբերեալ իր տեսակէտները յայտնեց։

«Հիմնական բանալի բառը ձեր բոլորի վարչապետ լինելն է անկախ նրանից՝ իրենք որ խմբից են: Ի հարկէ, հասկանում եմ, որ այն խմբերում 20 տոկոսն է մոլորեալ, որոնք վարչապետն արժի լինել իսկապէս, միւսներն այլ նպատակներ ունեն՝ իրենց նախկին ունեցած ազդեցութիւնները վերականգնելու», – ըսաւ Սարգսեան:

babajanyan-pashinyan

Առանձին հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ «Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարներու դաշինքի» առաջնորդներ՝ Լեւոն Շիրինեանի ու Արման Բաբաջանեանի հետ։ Երկուքն ալ պատրաստակամ են օգնել իշխանութեան յեղափոխութեան արժէքները մինչեւ վերջ կեանքի կոչելուն։

«Կարեւոր էր յեղափոխութեան շարունակութիւնը», – նշեց Շիրինեան:

«Ժողովրդի իշխանութիւնը պաշտպանելու գործում մենք անմնացորդ կերպով պատրաստ ենք սատար լինել», – ընդգծեց Բաբաջանեան:

samuel papayan-pashinyan

«Մեծ պատասխանատւութեան տակ էք մտել», – «Ազատական» կուսակցութեան ղեկավար՝ Սամուէլ Բաբայեան դիմելով Փաշինեանին՝ շեշտեց, որ պէտք է ապահովել ներքին կայունութիւն՝ պետութեան բարօրութեան համար. «Բոլորն, իմ կարծիքով, իրենց փառասիրութիւնները պէտք է ցած դնեն ու փորձեն համագործակցել յանուն մեր պետութեան, յանուն մեր ապագայի»:

Իշխանութենէն դատական ոլորտին մէջ լուրջ բարեփոխումներ կ’ակնկալէ «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ՝ Նորայր Նորիկեանը, որ թեթեւօրէն ակնարկեց առկայ խնդիրներու մասին. «Հիմա առաւել եւս համոզուած եմ, որ մեր սերնդի պարտքն է ուղղակիօրէն այդ ոչ ֆորմալ բարքերը արմատախիլ անել այդ ոլորտից»:

Ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց տուին, որ քաղաքական դաշտը մրցունակ չէ, իրականութենէն կտրուած է, «Քաղաքացու որոշում» կուսակցութեան ղեկավար՝ Սուրէն Սահակեանի նկատողութիւնն էր Փաշինեանին. «Պէտք է շատ աշխատել, որ այս մոխրացած դաշտում նոր ծիլեր առաջանան»:

Խորհրդարանական 5 տոկոսի շեմը չյաղթահարած ԲՀԿ-ն եւ ՀԱԿ-ը, որ դեռ պաշտօնական յայտարարութիւն չեն տարածած ընտրութիւններու վերաբերեալ, մինչեւ հիմա չեն արձագանգած նաեւ Փաշինեանի այս կոչին։

«Ազգային-Ժողովրդավարական Բեւեռ»-էն յայտնած են, որ մերժած են հանդիպման առաջարկը եւ նպատակայարմար չեն համարած:

Քաղաքական ուժերից բացի Փաշինեանը դիմեց նաեւ հոգեւոր առաջնորդներուն՝ ընդգծելով, որ որեւէ հոգեւոր սպասաւոր առաջնորդ ժողովուրդի կամքին հակադրուելու իրաւունք չունի։ Յիշեցնենք, որ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատերազմէն ետք պահանջած էր Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։

«Ձայն բազմաց, ձայն Աստծոյ, եւ Աստծոյ ձայնին առաւել եւս որեւէ հոգեւոր սպասաւոր հակադրուելու իրաւունք չունի», – յայտարարած է Փաշինեան:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ողջունած է վարչապետի պաշտօնակատարի կողմէ հոգեւոր առաջնորդներուն ուղղուած երկխօսութեան առաջարկը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment