Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Արձանագրեց Համոզիչ Յաղթանակ` Ստանալով Ձայներու 54 Տոկոսը

Փաշինեան Արձանագրեց Համոզիչ Յաղթանակ` Ստանալով Ձայներու 54 Տոկոսը

by MassisPost

Յունիսի 20-ին կայացած Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստանալով ձայներու 53,92 տոկոսը արձանագրեց համոզիչ յաղթանակ ու ստացաւ նոր մանտաթ՝ կառավարելու երկիրը յաջորդ հինգ տարիներուն: Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը ստացաւ ձայներու 21,04 տոկոսը, իսկ Սերժ Սարգսեանի աջակցութիւնվ վայելող՝ «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը՝ 5,23 տոկոս:

Միայն այս երեք ուժերն են որ ստացան բաւարար տոկոսներ յաջորդ խորհրդարանէն ներս ներկայացուած ըլլալու համար:

Նիկոլ Փաշինեանի յաղթանակը համոզիչ էր նաեւ այն առումով, որ ան առաւելութեան հասաւ Հայաստանի բոլոր մարզերուն եւ մայրաքաղաք՝ Երեւանի մէջ: Շրջաններուն մէջ Փաշինեանի ստացած տոկոսները 50-60-ի մէջ էին, սակայն Երեւանի մէջ 41 տոկոս:

Ընդհանուր առմամբ Հայաստանի ամբողջ տարածքին Փաշինեան ստացաւ 687251 ձայն, իսկ Քոչարեան՝ 268165 ձայն:
Նոր խորհրդարանէն ներս ներկայացուած պիտի չըլլան Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ Էտմոն Մարուքեանի ղեկավարած «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնները, որոնք այս անգամ չկարողացան յաղթահարել 5 տոկոսի նուազագոյն շեմը:

Կէս գիշերէն ետք, երբ յայտնի էին արդէն ընտրութիւններու ընդհանուր պատկերը, Փաշինեան այցելեց «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան կեդրոնական շտապը, ուր դիմաւորուեցաւ իր զինակիցներուն կողմէ: Այս առթիւ իր ունեցած ելոյթի ընթացքին Փաշինեան ըսաւ, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթած է Հայաստանի քաղաքացին եւ ժամանակն է վերականգնելու հանրային եւ ազգային միասնութիւնը:

«Արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը խօսեց, եւ ժողովուրդը կայացրեց իր որոշումը, եւ այդ որոշման բովանդակութիւնը պարզ է. այն ձեւակերպուել էր դեռեւս նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ, բայց արձանագրենք, որ տեղի ունեցաւ այն, ինչը կանխատեսւում էր: Իսկ կանխատեսւում էր, որ ՀՀ քաղաքացին այս ընտրութիւններում անխուսափելիօրէն յաղթելու է: Եւ ես ուզում եմ եւս մէկ անգամ իմ շնորհակալութեան եւ խոնարհումի խօսքերն ասել ՀՀ բոլոր քաղաքացիներին, որ այս դաժան փորձութիւնների միջով անցնելով մենք կրկին վերգտանք իրար որպէս մի ամբողջութիւն, եւ ահա հանրային եւ ազգային միասնութիւնը վերականգնելու ժամանակն է»,- ըսաւ Փաշինեան:

Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի ժողովուրդը վերջին երեք տարուայ ընթացքին կատարեց երկրորդ յեղափոխութիւնը, եւ եթէ առաջինը ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդական, յեղափոխութիւնն էր, 2021 թուականին տեղի ունեցաւ կրկին ոչ բռնի, կրկին ժողովրդական, բայց այս անգամ արդէն պողպատեայ յեղափոխութիւնը»:

Mandates

Քոչարեան դաշինքը կը մերժէ ընդունիլ ընտրութիւններու արդիւնքը ու կը յայտարարէ որ, կը պատրաստուի դիմելու Սահմանադրական Դատարան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment