Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրեմլինը Շնորհաւորած Է Հայ Ժողովուրդը

Քրեմլինը Շնորհաւորած Է Հայ Ժողովուրդը

by MassisPost

Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքով այսօր՝ Յունիս 21-ին ռուսաստանցի լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ պաշտօնական Մոսկուան ուշադրութեամբ կը հետեւէր հայաստանեան ընտրութիւններու ընթացքը։

«Քրեմլինը կը հետեւի ընտրութիւններու շուրջ ստեղծուած իրավիճակին եւ կը ցանկայ, որ ժողովուրդի որոշումը օգնէ երկրին՝ դուրս գալու զարգացման կայուն ուղիի վրայ», – յայտարարած է Վլատիմիր Փութինի խօսնակը։

Մեկնաբանելով ընտրութիւններու արդիւնքները՝ Փեսքով ըսած է. – «Քրեմլինը կը տեսնէ Փաշինեանի վստահ յաղթանակը ընտրութիւններուն եւ կը շնորհաւորէ հայ ժողովրդը ընտրութեան առթիւ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment