Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վերջնականապէս Հասկնալի Դարձաւ, Որ Մարդիկ Չեն Ցանկար Նախկին Ռեժիմի Վերադարձը. Միջազգային Լրատուամիջոցները Հայաստանի Ընտրութիւններուն Մասին

Վերջնականապէս Հասկնալի Դարձաւ, Որ Մարդիկ Չեն Ցանկար Նախկին Ռեժիմի Վերադարձը. Միջազգային Լրատուամիջոցները Հայաստանի Ընտրութիւններուն Մասին

by MassisPost

BBC-ի ռուսական ծառայութեան թղթակիցի գնահատմամբ՝ այս Փաշինեանի «անսպասելի յաղթանակն է», փորձագէտները այսպիսի արդիւնք չէին սպասեր՝ Փաշինեանի վարկանիշը փլուզուած էր անցեալ տարի Ատրպէյճանի հետ պատերազմին կրած պարտութենէն յետոյ։

«Բայց այստեղ շատերը կ’ըսեն, որ Փաշինեանին տուած ձայները բողոք էին երկիրը 20 տարի ղեկավարած երկու նախկին նախագահներու գլխաւորած ընդդիմութեան դէմ։ Այս ընտրողներէն յետոյ վերջնականապէս հասկնալի դարձաւ, որ մարդիկ չեն ցանկար նախկին ռեժիմի վերադարձը»,- եզրակացուցած է BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը։

Հայաստանի գործող վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն պահեց իշխանութիւնը, չնայած լայնօրէն կը մեղադրուէր Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ անցեալ տարուայ ռազմական պարտութեան համար, արձանագրած է «Ռոյթըրզը», նշելով, որ կառավարութիւնը արտահերթ ընտրութիւններ նշանակած էր  փորձելով յաղթահարել Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններու կորուստի հետեւանքով առաջացած քաղաքական ճգնաժամը։

«Ռազմական գործողութիւնները առաջացուցած էին միջազգային հանրութեան մտահոգութիւն, քանի որ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանը խողովակաշարերու միջանցք է բնական կազն ու նաւթը համաշխարհային շուկայ հասցնելու համար։ Մոսկուայի դաշնակից Հայաստանը իր տարածքին մէջ ռուսական ռազմակայան կը հիւրընկալէ, չնայած 2018-ին հակաքոռուփցիոն օրակարգով ու փողոցային բողոքի հաւաքներու հետեւանքով իշխանութեան եկած Փաշինեանի օրօք այդ յարաբերութիւնները սառն էին։ Տարածաշրջանային մէկ այլ ուժ՝ Թուրքիան անցեալ տարուայ հակամարտութեան աջակցած էր Ատրպէյճանին ու մօտիկէն հետեւած էր հայաստանեան զարգացումներուն»:

«Ռոյթըրզը» նշած է, որ ընտրութիւններուն ցոյց տուած երկրորդ արդիւնքը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած դաշինքը չէ ընդունած ընտրութիւններու արդիւնքները, համարելով, որ այն կը հակասէ անցեալ ութ ամիսներուն հանրային կեանքի տարբեր դրսեւորումներուն։ Քոչարեան Լեռնային Ղարաբաղէն է, տարածք, որ միջազգայնօրէն ճանչուած է որպէս Ատրպէյճանի մաս, նշած է «Ռոյթըրզը»` աւելցնելով, որ բնակչութեան մեծ մասը հայեր են։ Յիշեցուցած է` Քոչարեանը Հայաստանի նախագահ էր 1998-2008 թուականներուն եւ կը մեղադրուէր անօրինական գործողութիւններու համար, երբ 2008-ի վիճայարոյց ընտրութիւններէն յետոյ արտակարգ դրութիւն մտցուց։ Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու բախումներու հետեւանքով առնուազն 10 մարդ զոհուած էր, նշած է «Ռոյթըրզը»։
«Ասոշիեյթըտ Փրեսը» գրած է, որ Փաշինեան արտահերթ ընտրութիւններ յայտարարած էր իր հրաժարականի պահանջով քանի մը ամիս շարունակուած բողոքի ցոյցերէն յետոյ, քանի որ ան Լեռնային Ղարաբաղի համար Ատրպէյճանի հետ վեց շաբթուայ պատերազմը աւարտող խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրած էր ։ Ըստ համաձայնագրին՝ Ատրպէյճանը վերկանգնած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ յարակից տարածքներու մեծ մասի նկատմամբ վերահսկողութիւնը, որոնք աւելի քան քառորդ դար գտնուած էին հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ։ Հազարաւոր հայեր Երեւանի մէջ դուրս ելած էին փողոցներ` բողոքելով այդ գործարքին դէմ, այն համարելով «ազգային շահերու դաւաճանութիւն»։

«Տէյլի Սապահը» զանգուածային բողոքի հաւաքներուն հետ յիշատակած է նաեւ Հայաստանի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի յայտարարութիւնը։ «Ընտրութիւնները կատարուեցան նաեւ այն բանէն յետոյ, երբ Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապը պահանջեց Փաշինեանի հրաժարականը, որ Փաշինեան ռազմական յեղաշրջման փորձ գնահատած էր »,- նշած է «Տէյլի Սապահը»:

«Ալ Ճազիրան» յիշեցուցած է, որ Փաշինեանը աղէտալի համարած էր համաձայնագիրը, բայց նշած, որ ստիպուած էր ստորագրել մարդկային եւ տարածքային աւելի մեծ կորուստներ կանխելու համար։ «Մոսկուայի տեսանկիւնով Փաշինեանը երաշխիք է, որ համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մնայ, որ կը ներառէ նաեւ շուրջ 2 հազար ռուսաստանցի խաղաղապահներու տեղակայում Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»,- ընդգծած է «Ալ Ճազիրան»։
«Ֆրանս Փրեսը» փաստած է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց տուին Նիկոլ Փաշինեանի կուսակցութեան յաղթանակը արտահերթ ընտրութիւններուն, որ կատարուեցաւ Ատրպէյճանի հետ պատերազմէն յետոյ առաջացած քաղաքական ճգնաժամը լիցքաթափելու նպատակով։

Գերմանական Dpa գործակալութիւնը, հաղորդելով Հայաստանի ընտրութիւններու մասին, նաեւ մեկնաբանած է, որ Ռուսաստանը Փաշինեանի յաղթանակի մէջ երաշխիքներ կը տեսնէ, որ Մոսկուայի միջնորդութեամբ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած կրակը դադրեցնելու համաձայնագիրը կը պահպանուի։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment