Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուա Կրնայ Որոշ Քայլերու Դիմել Կապուած Ատրպէյճանի Մէջ Թրքական Զօրակայան Մը Հիմնելու

Մոսկուա Կրնայ Որոշ Քայլերու Դիմել Կապուած Ատրպէյճանի Մէջ Թրքական Զօրակայան Մը Հիմնելու

by MassisPost

Ռուսաստանէն առանձնայատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւին Ատրպէյճանի տարածքին վրայ թրքական ռազմակայան տեղակայելու հնարաւորութեան, յայտարարած է Քրեմլինի խօսնակը։ Այդ առիթ կու տայ Մոսկուային քայլեր ձեռնարկելու սեփական անվտանգութիւն ապահովելու համար, ընդգծած է Տմիթրի Փեսքով։

Օրեր առաջ՝ այցելելով Պաքու, Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան յայտարարած էր, թէ չի բացառեր, որ Անքարան կրնայ ռազմական կայան ստեղծել Ատրպէյճանի տարածքին մէջ։

«Ցանկացած պարագային, ՆԱԹՕ-ի ռազմական ենթակառուցուածքներու տեղակայումը մեր սահմաններու մերձակայքը յատուկ ուշադրութեան առարկայ է մեզի համար, ինչպէս նաեւ առիթ կու տայ մեզի ձեռնարկելու քայլեր՝ մեր անվտանգութիւնն ու շահերը պաշտպանելու համար», – արձագանգելով Էրտողանի յայտարարութեան՝ ըսած է Վլատիմիր Փութինի խօսնակը։

Ռուսաստանը սերտ շփումներու մէջ է շահագրգիռ բոլոր կողմերուն հետ՝ Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի կայունացման շուրջ, յայտարարած է Քրեմլինի խօսնակը։ Այս շարքին Տմիթրի Փեսքով յիշատակած է ոչ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Թուրքիան։
«Մենք սերտ կապի մէջ ենք Անքարայի, Պաքուի եւ Երեւանի հետ, եւ կը կարծենք, որ ցանկացած քայլ պէտք է նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի հետագայ կայունացման, ենթակառուցուածքներու զարգացման, փոխադրային լոկիստիկային, իրավիճակի հարթման ընդհանուր առմամբ, ու պէտք է բացառէ ինչ-ինչ տարրեր, որոնք կրնան առիթ դառնալ լարուածութեան աճի համար», – ըսած է Ռուսաստանի նախագահի խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment