Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Էրտողան. «Ռուսաստանը Մտադիր Չէ Խոչընդոտել «Զանգեզուրի Միջանցքի» Ստեղծումը»

Էրտողան. «Ռուսաստանը Մտադիր Չէ Խոչընդոտել «Զանգեզուրի Միջանցքի» Ստեղծումը»

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան ըսած է, որ Ռուսաստան դրական վերաբերմունք ունի «Զանգեզուրի միջանցքի» գաղափարի նկատմամբ: Ան ըսած է, թէ չի տեսներ որեւէ ազդակ, որ կը վկայէ այդ ծրագրի հանդէպ Ռուսաստանի բացասական դիրքորոշման մասին:

«Մենք «Զանգեզուրի միջանցքի» նախագիծը շատ կարեւոր կը համարենք, չեմ ենթադրեր, որ Ռուսաստանի մօտ կ’ըլլան այդ հարցի հետ կապուած ինչ որ տարաձայնութիւններ կամ ծրագիրը խոչընդոտելու մտադրութիւն: Ընդհակառակը, Ռուսաստանը շատ դրական է տրամադրուած միջանցքի հարցով», – ըսած է Էրտողանը թրքական NTV հեռատեսիլային կայանի թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին:

Ան յայտնած է, որ առաջիկային Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի բանակցի Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ:

«Ես ալ շուտով անոր [Վլատիմիր Փութինի] հետ պիտի հանդիպիմ: Կայ հանգամանք մը, հիմա մենք սահմանափակուած ենք [Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի հաստատման] պայմանագիրի հինգ տարուայ ժամկէտով: Եւ մենք կը ցանկանք այդ նախագիծը իրագործել այդ հնգամեայ ժամկէտով»,- ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ ղեկավարը վերստին յիշեցուցած է Ղարաբաղի հարցով համագործակցութեան վեց պետութիւններու հարթակի գաղափարի մասին:

«Այդ ծրագրի առաջատար երկիրներն են Ռուսաստանը, Թուրքիան, Ատրպէյճանը եւ Իրանը, բայց մենք կը ցանկայիք, որ նախաձեռնութեան միանան նաեւ Հայաստանը եւ Վրաստանը»,- յայտարարած է Էրտողան, նշելով, որ Վրաստանը դրական վերաբերմունք ունի հարթակի հարցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment