Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Առաջարկած Է Ստեղծել Վճռաբեկ Դատարանի Քաղաքացիական Եւ Վարչական Պալատներ

Կառավարութիւնը Առաջարկած Է Ստեղծել Վճռաբեկ Դատարանի Քաղաքացիական Եւ Վարչական Պալատներ

by MassisPost

Կառավարութիւնը այսօր՝ Յունիս 17-ին հաւանութիւն տուած է Դատական օրէնսգիրք սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին սահմանադրական օրէնքի նախագիծին եւ Վարչական դատավարութեան օրէնսգրքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի եւ Քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգրքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծերուն:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախագիծերը ընդունելով կ’ակնկալուի ապահովել Վճռաբեկ դատարանէն ներս վարչական գործերու քննութեան իրագործումը մասնագիտացած վարչական պալատի միջոցով, ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն ընձեռել Բարձրագոյն դատական խորհուրդին աւելի ճկուն մեքենականութիւններով ապահովել դատաւորներու թեկնածուներու եւ առաջխաղացման ենթակայ թեկնածուներու ցուցակներու համալրումը:

Մասնաւորապէս, նախագիծերով կը նախատեսուի Վճռաբեկ դատարանի քաղաքացիական եւ վարչական պալատի վերացումով ստեղծել երկու ինքնուրոյն, առանձին մասնագիտացումներ ունեցող քաղաքացիական եւ վարչական պալատներ: Կը նախատեսուի կարգաւորել Վճռաբեկ դատարանի քաղաքացիական եւ վարչական պալատներու կազմաւորման եւ բնականոն գործունէութեան ապահովման հետ կապուած հարցերը:

Կը նախատեսուին նաեւ դատաւորներու թեկնածուներու եւ առաջխաղացման ենթակայ թեկնածուներու ցուցակներու համալրման ճկուն մեքենականութիւններ` առանց ժամկէտներու եւ համալրման ենթակայ քանակի սահմանափակման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment