Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Reuters. «Փարիզը կը Փորձէ Փրկել Լիբանանի Բանակը Կազմաքանդումէն»

Reuters. «Փարիզը կը Փորձէ Փրկել Լիբանանի Բանակը Կազմաքանդումէն»

by MassisPost

«Ֆրանսան ջանքեր կը գործադրէ Լիբանանի Զինուած ուժերը կազմաքանդումէն փրկելու համար», – այս մասին Reuters-ին յայտնած է Ֆրանսական կառավարութեան մօտ կանգնած աղբիւրներէն մէկը։

Ֆրանսացի պաշտօնեայի խօսքով` վաղը՝ Յունիս 17-ին, Փարիզի նախաձեռնութեամբ հեռավար հանդիպում պիտի կայանայ, որուն բացի Ֆրանսայէն, պիտի մասնակցին Միացեալ Նահանգներու, Ռուսաստանի, Չինաստանի, ԵՄ-ի եւ Պարսից ծոցի արաբական միապետութիւններու ներկայացուցիչները։ Լիբանանի բանակի իրադրութիւնը սրուած է երկրի տնտեսական ճգնաժամի պատճառով, որու հետեւանքով ազգային տարադրամը՝ լիբանանեան լիրան արժեզրկուած է շուրջ 90 տոկոսով։

Reuters-ի տեղեկութիւններով` այդ խիստ դժգոհութիւն առաջացուցած է յատկապէս լիբանանցի զինուորականներուն մէջ, որոնց աշխատավարձերու պայմանական արժէքը կտրուկ կերպով նուազած է։ Ըստ գործակալութեան` վաղը կայանալիք հանդիպման ընթացքին պաշտօնական Փարիզը պիտի փորձէ միջազգային գործընկերներու օգնութեամբ տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ հաւաքագրել՝ Լիբանանի զինուած ուժերու ծառայողներու աշխատավարձերու կորուստները փոխհատուցելու եւ կանոնաւոր վճարումները ապահովելու նպատակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment