Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն Դրական Եւ Արդիւնւէտ Որակած Է Թուրքիոյ Նախագահի Հետ Հանդիպումը

Պայտըն Դրական Եւ Արդիւնւէտ Որակած Է Թուրքիոյ Նախագահի Հետ Հանդիպումը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտըն երէկ՝ Յունիս 14-ին յայտարարած է, որ «դրական եւ արդիւնաւէտ» բանակցութիւններ կայացուցած է իր թուրք պաշտօնակիցին հետ, որոնց ընթացքին երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են հետագայ գործողութիւնները շարք մը հարցերու շուրջ: Այս մասին յայտնած է Reuters լրատուական գործակալութիւնը:

«Վստահ եմ, որ մենք իրական առաջընթացի կը հասնինք յարաբերութեանց մէջ», – ըսած է Պայտըն:

Ռէճէպ Էրտողան Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ԱՄՆ-ի նախագահին հետ իր բանակցութիւնները որակած է որպէս «արդիւնաւէտ եւ անկեղծ»:

«Մենք կը կարծենք, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ չկան, եւ համագործակցութեան ոլորտները մեզի համար աւելի հարուստ եւ լայն են, քան խնդիրները», – յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:

Հանդիպումէն առաջ Էրտողան ըսած էր, թէ պիտի բարձրացնէ Պայտընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Այդ մասին, սակայն, ոչինչ հաղորդուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment