Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յայտարարութիւն Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններու Առթիւ

Յայտարարութիւն Ազգային Ժողովի Արտահերթ Ընտրութիւններու Առթիւ

by MassisPost

Կը մօտենան Հայաստանի համար ամենավճռորոշ արտահերթ ընտրութիւնները:

Ճակատագրական այս օրերուն, երբ դեռ բաց վէրքի պէս կը մնայ ռազմագերիներու հարցը, երբ Ատրպէյճան, մասամբ նաեւ օգտուելով մեր ներքին անհամերաշխութենէն, կը սաստկացնէ իր սահմանային ոտնձգութիւնները, երբ Արցախի կարգավիճակի հարցը տակաւին կը մնայ մշուշոտ եւ երբ երկրէն ներս կը տիրէ քաղաքական անառողջ մթնոլորտ, Հայաստանի քաղաքացին յանձնառու կը դառնայ իր քուէի ուժով ընտրելու երկրի ապագանª դէպի առաջ կամ վերադարձ նախկինին:

Այդ առումով, մենք աւելի քան վստահ ենք, որ Հայաստանի քաղաքացին պիտի կայացնէ ճիշդ ընտրութիւն եւ յանուն իր ապագայի պիտի Ազգային ժողով ուղարկէ այն ուժերը, որոնք հետամուտ կ’ըլլան շարունակելու Հայաստանի ժողովրդավարացման, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ դատաիրաւական համակարգի բարեփոխումներու գործընթացը, միաժամանակ բացառելով վերադարձը այն ուժերուն, որոնց երկտասնամեայ իշխանութիւնը բնորոշուեցաւ Հոկտեմբեր 27-ով, Մարտ 1-ով, լայնատարած ընտրակեղծիքներով, կաշառակերութեամբ, պետական գանձի կողոպուտով եւ քրէաօլիկարխիք համակարգի ստեղծումով:

Անշուշտ, այս ընտրութիւններով հայրենիքի դիմագրաւած բազում արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները պիտի չվերանան: Ու թէև արտաքին հարցերու առաջացումը կամ լուծումը միայն մեզմէ կախեալ չէ, սակայն Նոյեմբերէն առ այսօր շարունակուող անհանդուրժողականութեան եւ  ատելութեան  մթնոլորտի առկայութիւնը բացառապէս մեր պատասխանատուութիւնն է:

Հետեւաբար, կոչ կ’ուղղենք  բոլոր քաղաքական ուժերուն, ինչպիսին ալ ըլլան ընտրութիւններուն արդիւնքներըª  զերծ մնալ իրավիճակը ալ աւելի սրող եւ ապակայունացնող քայլերէ ու գործողութիւններէ, որոնք միայն կը խոչընդոտեն ներքին համերաշխութեան վերականգնումը:

ՍԴՀԿ Կենտրոնական Վարչութիւն
15 Յունիս, 2021

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment