Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, խախտելով միջազգային իրաւունքի նորմերը, 20 տարուայ ազատազրկման դատապարտած են Շուշիի մերձակայքը գերեվարուած լիբանանահայ՝ Վիգէն Իւլճէքճեանը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, անոր դէմ ներկայացուած էին քանի մը մեղադրանքներ, մասնաւորապէս, ահաբեկչութիւն, կազմակերպուած յանցագործութեան մէջ մասնակցութիւն եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանը ապօրինի հատել:
Լիբանանահայը հինգ տարի պիտի անցընէ բանտ, իսկ մնացած տարիները՝ խստացուած ռեժիմի ուղղիչ հաստատութիւն:
Յիշեցնենք, որ Վիգէն Իւլճէքճեան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ՝ Մարալ Նաճարեան գերեվարուած էին Նոյեմբեր 9-ին եռակողմ համաձայնագիրը կնքուելէն ետք: Վիգէն Իւլճէքեան, որպէս թաքսիի վարորդ Նաճարեանը կը տեղափոխէր Բերձոր՝ այնտեղէն իր իրերը վերցնելու:
2021 թուականի մարտին, Մարալ Նաճարեան ազատ արձակուած էր եւ տեղափոխուած Լիբանան: