Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Միքայէլ Մինասեանը Կալանաւորելու Որոշում Կայացած է

Միքայէլ Մինասեանը Կալանաւորելու Որոշում Կայացած է

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը երէկ՝ Յունիս 10-ին բաւարարած է նախաքննական մարմնի միջնորդութիւնը՝ Սերժ Սարգսեանի փեսայ, Վատիկանի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեանը կալանաւորելու վերաբերեալ: 1lurer.am-ի հարցին ի պատասխան` տեղեկութիւնը հաստատեց ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան:

Պետական Եկամուտներու Կոմիտէէն ներս յարուցուած քրէական գործով մեղադրեալ Մինասեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը: Յիշեցնենք, որ Մինասեան որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի քննչական վարչութիւնը քննուող քրէական գործի ծիրէն ներս՝ ապօրինի հարստացման, փողերու լուացման եւ յայտարարագրով կեղծ տուեալներ ներկայացնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment