Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Շիրինեան-Պապաճանեան» Դաշինքը Անհրաժեշտութեան Պարագային Պատրաստ Է Դաշինք Կազմել Գործող Իշխանութեան Հետ

«Շիրինեան-Պապաճանեան» Դաշինքը Անհրաժեշտութեան Պարագային Պատրաստ Է Դաշինք Կազմել Գործող Իշխանութեան Հետ

by MassisPost

«Շիրինեան-Պապաճանեան» ժողովրդավարներու դաշինքը ընտրութիւններէն ետք պատրաստ է դաշինք կազմել գործող իշխանութեան հետ, եթէ անոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ։ Դաշինքի ցուցակի առաջին համար Արման Պապաճանեան ըսած է, թէ իրենք այդ քայլին կը դիմեն յանուն պետութեան ու ժողովուրդի շահի։

«Հայաստանի ժողովրդավարական ապագան այլընտրանք չունի, եւ հասնելու համար այդ բոլոր խոստումների իրագործմանը, մենք պատրաստ ենք, ի հարկէ, գործող իշխանութեանը սատար լինել, եթէ անհրաժեշտ է դաշինք կազմել նրանց հետ եւ հասնել մեր պետութեան համար կենսական անհրաժեշտ այն բոլոր խոստումների իրագործմանը, որոնք համարում ենք երկրի համար գոյաբանական», – ըսաւ Պապաճանեան:

«Յանուն Հանրապետութեան» եւ «Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական» կուսակցութիւնները միաւորող դաշինքը փոփոխութիւններ կը խոստանայ բանակէն մինչեւ առողջապահական համակարգ, ընկերային ոլորտ, հաւատացած են, որ ամենակարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրնան վերացնել երկրին մէջ առկայ աղքատութիւնը։ Դաշինքը այսօր՝ Յունիս 11-ին Արարատի մարզ էր։

«Ամօթ է, որ Հայաստանը 21-րդ դարում ունենայ ծայրայեղ աղքատութիւն, կ’անուանենք այն 5 տոկոս, կ’անուանենք այն 10 տոկոս, թէ 20 տոկոս, այսպիսի աշխատասէր ժողովուրդը 30-ամեայ պետականութեան պայմաններում չի կարող ունենալ ծայրայեղ աղքատութիւն», – ըսաւ դաշինքի անդամ Ստեփան Սաֆարեան:

Բարեփոխումներ կը նախատեսուին նաեւ դատական համակարգին մէջ: Սահմանադրական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն կը տեսնեն։ Դաշինքէն Սեդա Սաֆարեանի խօսքով՝ 2018-ը յեղափոխութիւն էր արդարութեան համար, բայց տեսանք՝ արդարութիւնը չվերականգնուեցաւ։ Վստահ են՝ ընտրուելու պարագային՝ իրենք կրնան վերականգնել արդարութիւնը։

«Ես կարծում եմ, որ մենք հնարաւորութիւն կ’ունենանք այդ բարեփոխումները Ազգային ժողովում առաջարկելու, բարձրացնելու, լուծման ճանապարհներ առաջարկելու եւ վերջնարդիւնք ունենալու», – ըսաւ Սաֆարեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment