Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մաքրոն Մտադիր Է Էրտողանի Հետ Հանդիպման Քննարկել Նաեւ Ղարաբաղեան Խնդիրը

Մաքրոն Մտադիր Է Էրտողանի Հետ Հանդիպման Քննարկել Նաեւ Ղարաբաղեան Խնդիրը

by MassisPost

Ֆրանսայի նախագահը կը պատրաստուի Թուրքիոյ առաջնորդին հետ յաջորդ շաբաթ կայանալիք հանդիպման այլ հարցերու շարքին նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը քննարկել: «Չնայած առկայ տարաձայնութիւններուն` շատ կարեւոր է շարունակել երկխօսութիւնը», – Յունիս 10-ի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն:

«Մենք խոր տարաձայնութիւններ ունինք եւ գիտենք անոնց մասին: Երբեմն ունեցած ենք հակասութիւններ եւ ընդունած ենք այդ փաստը: Սակայն, անկախ այդ անհամաձայնութիւններէն, մենք միշտ պէտք է երկխօսենք: Ես կը ցանկայի նախագահ Էրտողանի հետ խօսիլ ՆԱԹՕ-ի եւ անդամ պետութիւններու միջեւ վարքագծի կանոններուն մասին։ Կը ցանկայի խօսիլ Սուրիոյ, Լիպիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մասին», – ըսած է Մաքրոն:

Ղարաբաղեան վերջին պատերազմի ընթացքին, պաշտօնական Փարիզը, եւ ինքը` Էմանուէլ Մաքրոնը, քանիցս քննադատած էին Թուրքիան` խօսքով եւ գործով Ատրպէյճանին աջակցելու համար: Ֆրանսայի առաջնորդը նաեւ առաջինն էր, որ ուղիղ յայտարարեց Թուրքիայէն Ատրպէյճան տեղափոխուած սուրիացի վարձկաններուն մասին ու մեղադրեց Անքարան` ԵԱՀԿ միջնորդական խումբի ջանքերը խոչընդոտելու համար:

Ռէճէպ Էրտողան ի պատասխան, անցեալ աշնան շարք մը վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած էր Մաքրոնի հասցէին, նոյնիսկ պնդած, թէ ան հոգեբոյժի կարիք ունի, որմէ ետք Փարիզ ի նշան բողոքի, Անքարայէն ետ կանչած էր իր դեսպանը ու երկու ամիս ժամանակ տուած Անքարային` իր վարքագիծը փոխելու համար:

Թէ ինչ փոխուեցաւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ այդ ընթացքին, պարզ չդարձաւ, յայտնի է, սակայն, որ անցեալ Մարտին երկու նախագահները որոշեցին հեռավար հանդիպիլ: Ըստ պաշտօնական Անքարային, Ռէճէպ Էրտողան Ֆրանսացի գործընկերոջ ըսած էր, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները զարգացման լուրջ ներուժ ունին, եւ Թուրքիան պատրաստ է անոր։ Փարիզը, իր հերթին, պնդած էր, թէ բացի յայտարարութիւններէն անհրաժեշտ են յստակ քայլեր:

Ղարաբաղեան խնդիրը միայն մէկն է կողմերու միջեւ առկայ տարաձայնութիւններու երկար ցանկէն: ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու դաշնակից պետութիւնները խնդիրներ ունին նաեւ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութեան, Միջերկրականի հանդէպ Թուրքիոյ նկրտումներու եւ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի հանդէպ ստանձնած պարտաւորութիւններու հարցով:

ՆԱԹՕ-ի անդամները, մասնաւորապէս, քանի մը տարի է, որ կոշտ ձեւով կը քննադատեն Անքարան Ռուսաստանէն C-400 (S-400) զենիթահրթիռային համակարգեր գնելու համար եւ կը պնդեն, թէ անով Թուրքիան ողջ դաշինքը խոցելի կը դարձնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment