Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Բացայայտուին Պատերազմի Պարտութեան Իսկական Պատճառները

Կը Բացայայտուին Պատերազմի Պարտութեան Իսկական Պատճառները

by MassisPost

Տակաւին երկար ժամանակ պիտի խօսուի ու գրուի 44-ի պատերազմի ընթացքին Հայկական կողմի կրած ծանր պարտութեան պատճառներուն մասին, որուն ծալքերը կամաց-կամաց ի յայտ կու գան ու կը բացայայտուին իսկական պատասխանատուները, որոնց տասնամեակի վրայ երկարող անտարբերութիւնը ազգը մատնեցին նման աղէտի:

Սթոքհոլմի մէջ գործող Միջազգային Խաղաղութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկի անցեալ շաբաթ հրապարակած տեղեկութիւնները լոյս կը սփռեն այն իրողութեան վրայ, որ ամբողջ տասնամեակ մը Հայկական Զինուած Ուժերու սպառազինումը ու արդիական զէնքերով մատակարարումը չեն արժանացած պատշաճ ուշադրութեան ու չեն ընթացած իրավիճակի պարտադրած հրամայականներուն համապատասխան:

Համաձայն Հիմնարկի հրապարակած վերջին տուեալներուն, 2011-2020 թուականներու ընթացքին Պաքուն ներմուծած է 3 միլիառ 274 միլիոն տոլարի սպառազինութիւն, Հայաստանը` 398 միլիոն տոլարի: Հայաստանեան ներմուծումներու գերակշիռ մասը՝ 248 միլիոն տոլարի սպառազինութիւնը իրականացուած են 2018 թուականի Թաւշեայ Յեղափոխութենէն յետոյ` 2019-ին:

2018 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց թէ, Հայկական բանակը կը կռուէր 80-ականներու զէնքերով շատեր խորհեցան թէ ան փոխաբերական իմաստով տուած է այդ օրինակը: Այժմ ի յայտ կու գայ որ, ոչ թէ մինչեւ այդ, այլ եւ 2016-էն ետք ինկած ժամանակաշրջանին եւս Հայկական Բանակի կարողութիւնը էական փոփոխութեան չէ ենթարկուած եւ քայլեր չեն առնուած որոշ չափով հաւասարակշռութիւն հաստատելու Ատրպէյճանի զինուորական կարողութիւններուն հետ: 2011-2018 Հայակական բանակին վրայ ծախսուած է 150 միլիոն, որ համազօր է տարեկան շուրջ 20 միլիոն տոլարի: Այդ գումարով այսօր Երեւանի մէջ հազիւ կարելի է կառուցել երկու կամ երեք շքեղ դղեակ: Այդ գործերով է որ զբաղած էին նախկին օլիկարխիկ համակարգի վերնախաւը՝ թալանելով ոչ միայն պետական գանձը, այլ եւ խլելով զինուորի հացը ու զրկելով զինք պատշաճ զինամթերքէ ու պաշտպանական միջոցներէ:

Պետական մտածողութեան մէջ խօսք մը կայ որ կ’ըսէ. «Պատրաստուիր պատերազմի, ձգտիր խաղաղութեան»: Նախկինները ամբողջութեամբ անտեսելով այս սկզբունքի առաջին մասը, միշտ մեկնած են այն սխալ տրամաբանութենէն, որ մեծ պետութիւնները չեն արտօնէր տարածաշրջանի ապակայունացումը եւ եթէ նոյնիսկ պատերազմը վերսկսի Ռուսաստան կը միջամտէ եւ կը դադրեցնէ զայն մի քանի օր ետք, ինչպէս եղաւ 2016-ին: Սակայն, այդ բոլոր ենթադրութիւնները սխալ դուրս եկան ու Արցախը մատնուեցաւ այսօրուայ տխուր վիճակին:

Միջազգային Խաղաղութեան Ուսումնասիրութեան Հիմնարկի հրապարակումը մաս կը կազմէ տարիներու ընթացքին կուտակուած անտեսումի եւ ձախող կառավարման այլ տուեալներուն վրայ, որոնք կու գան մեզ աւելի մօտեցնելու՝ հասկնալու համար պարտութեան իսկական պատճառները:

Հայաստանի նախկին իշխանութիւնները տարիներ շարունակ ինչո՞ւ նման անտեսումի մատնած են երկրի բանակը, այդ է գլխաւոր հարցականը այսօր: Այդ ժամանակաշրջանին երկիրը ղեկավարած ուժերը, այժմ մասնակցելով արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կը մեղադրեն գործող իշխանութիւնը՝ որպէս «պարտուած», «հող յանձնող» եւ կամ «անձնատուր եղող»: Սակայն, ժողովուրդը իրենց կարծածէն աւելի գիտակից ըլլալով կը կարողանայ ճիշդ ձեւով գնահատել իւրաքանչիւրի պատասխանատուութեան բաժինը ու կը պատրաստուի իր քուէով արտայայտելու իր տեսակէտը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment