Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազ. Ընտրակաշառքի Գործով Ձերբակալուածներ Կան, Անոնց Կարգին՝ Ազգային Ժողովի Թեկնածու մը

Դատախազ. Ընտրակաշառքի Գործով Ձերբակալուածներ Կան, Անոնց Կարգին՝ Ազգային Ժողովի Թեկնածու մը

by MassisPost

Ընտրակաշառքի գործով ձերբակալուածներ կան, անոնց կարգին՝ պատգամաւորութեան թեկնածու, Հանրային Հեռուսատաընկերութեան եթերով յայտարարեց գլխաւոր դատախազ՝ Արթուր Դաւթեան: Վերջինս, սակայն, յիշեցնելով, որ նախընտրական քարոզարշաւը ընթացքի մէջ է, չցանկացաւ հրապարակել, թէ ո՞ր քաղաքական ուժը կը ներկայացնէ ձերբակալուած թեկնածուն:

Դաւթեան նաեւ ըսաւ, որ ընտրակաշառքը մեծաքանակ մթերքի տեսքով եղած է:

Այսօր դատախազութիւնը յայտնած է ընտրակաշառք տալու եւ ստանալու դէպքի մասին, որու առթիւ քրէական գործ յարուցուած է եւ երկու անձ բերման ենթարկուած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment