Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Այցը Արցախ

Աւարտեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական Այցը Արցախ

by MassisPost

Յունիս 6-ին՝ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին առաջնորդանիստ տաճարը մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Այս առիթով եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալներու խոնարհումի եւ օրհնութեան համար դրուած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն բերուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի մասունքները, որպէսզի զօրանան հաւատքով ու լաւատեսութեամբ իրենց նոր կեանքը կերտելու ճանապարհին։

Տաճարին առջեւ, Ամենայն Հայոց Հայրապետը դիմաւորեց եկեղեցականներու թափորը։ «Հրաշափառի» երգեցողութեան ներքոյ Վեհափառ Հայրապետը, օրհնելով ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդը, առաջնորդուեցաւ դէպի խորան, ուր երկրպագութենէն յետոյ սկսաւ Պատարագի սրբազան արարողութիւնը։

Պատարագիչն էր Արցախի թեմի առաջնորդ Տ․ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանը։ Սուրբ Պատարագի արարողութեան ներկայ էին պետական աւագանին՝ գլխաւորութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի, Արցախի վաստակեալ նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեանը եւ Բակօ Սահակեանը, ՀԲԸՄ նախագահ Պերճ Սեդրակեանի պատուիրակութիւնը, թեմի եկեղեցականներ, զինծառայողներ եւ հաւատաւոր բազում արցախցիներ։
Catholicos-Stepanakert-2

Պատարագի արարողութեան աւարտին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեցաւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն Արցախի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, հաւատաւոր ժողովուրդի՝ ապահով եւ բարօր կեանքի համար։ Այնուհետեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցը Արցախ ողջունեց թեմակալ առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոսը՝ ընդգծելով, որ պատմական օրեր կ’ապրի Արցախը, քանզի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Արարատեան շաբաթն ու Սուրբ Էջմիածնի տօնը կ’անցընէ Սիւնիքի եւ Արցախի իր զաւակներուն հետ։ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ առկայ դժուարին պայմաններուն Հայոց Հայրապետի այցը մեծ մխիթարութիւն էր եւ քաջալերանք արցախցիներուն համար։

Սրբազանի ողջոյնի խօսքէն յետոյ, ներկաներուն իր օրհնութիւնն ու պատգամը տուաւ Գարեգին Բ․ Վեհափառ Հայրապետը։ «Տիրոջ ողորմածութեամբ համախմբուել ենք Ստեփանակերտի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցում մեր միասնական աղօթքը վերառաքելու առ Աստուած, որ Տէրը մեզ ուժն ու զօրութիւնը տայ յաղթահարելու պատերազմի արհաւիրքները, վեր ելնելու վշտերի ու տառապանքների ծանր շրջանից եւ վիրաւոր մեր կեանքը նորոգելու տէրունական օգնութեամբ։ Համախմբուել ենք աղօթելու Հայաստան եւ Արցախ մեր աշխարհի խաղաղ ու ապահով կեանքի, հայրենի մեր պետութեանց զօրացման ու բարօրութեան համար, ռազմի դաշտում անմահացած մեր հերոսների, խաղաղ բնակչութեան շրջանում մեր ունեցած զոհերի, պատերազմի ընթացքում վիրաւորուածների, անյայտ կորածների, գերեվարուած մեր զաւակների համար», – նշեց Նորին Սրբութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment