Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախկին Զինուորականն Ու Կամաւորական Ջոկատի Հրամանատարը Գործած Են Պետական Դաւաճանութիւն

Նախկին Զինուորականն Ու Կամաւորական Ջոկատի Հրամանատարը Գործած Են Պետական Դաւաճանութիւն

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը կազմակերպուած խումբի կողմէ պետական դաւաճանութեան դէպք բացայայտած է. այդ խումբի անդամներէն երկուքը ինքնախոստովանական ցուցմունքներ տուած են ։

Ըստ ԱԱԾ-ին՝ խումբի գործողութիւններու հետեւանքով «էականօրէն խաթարուել է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի մարտունակութիւնը, խոչընդոտուել է մարտական խնդիրների հետագայ իրագործումը, ստեղծուել են նպաստաւոր պայմաններ թշնամական զօրքի կողմից հարաւային ուղղութիւնում պաշտպանութեան գծի ճեղքման եւ դէպի Արցախի խորքը հետագայ առաջխաղացման համար»։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մանրամասնած է՝ մարտական մետալներով պարգեւատրուած նախկին զինուորականը Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող մէկ այլ անձի հետ Թուրքիոյ մէջ ընդունած են Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու առաջարկը՝ նիւթական օգուտներ ստանալու դիմաց հաւաքագրելու եւ ի վնաս Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ արտաքին անվտանգութեան գործելու։

Ըստ ԱԱԾ-ին՝ այդ անձինք ստորագրած են փաստաթուղթեր՝ համաձայնելով անցնիլ Ատրպէյճանի կողմը ու գործել ի վնաս Հայաստանի, որմէ յետոյ ծածկանուններ ստացած են ու կանխավճարի տեսքով գումարներ։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը օփերաթիւ նկարահանումէն հատուած հրապարակած է. «Ատրպէյճանցին ա զանգել էսօր, զանգել` բա ի՞նչ եղաւ, մենք տենց չենք պայմանաւորուել…»:

ԱԱԾ-ն շարունակած է. այնուհետեւ այս անձինք, ատրպէյճանցիներուն հետ կապ պահելով ու ցուցմունքներ ստանալով, նկարահանած են Հայաստանի զօրամասերը, զինատեսակները, պարզած զինծառայողներու քանակը ու այլ տուեալները եւ զանոնք բջջային յաւելուածներով ուղարկած են ատրպէյճանցիներուն։

2020-ի Սեպտեմբերին սկսած պատերազմի ընթացքին, կազմակերպուած խումբի անդամներէն մէկը, որպէս կամաւորական ջոկատի հրամանատար մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու պատրուակով մեկնած է Հադրութի ինքնապաշտպանական շրջան եւ մինչ Հոկտեմբերի վերջը շարունակած է տեղեկութիւններ հաւաքել ու ատրպէյճանցիներուն փոխանցել։

Այս գործողութիւնները, ԱԱԾ-ի հաղորդագրութեան համաձայն, ատրպէյճանական կողմին հնարաւորութիւն տուած են տեղորոշել յատուկ կարեւորութիւն ունեցող սպառազինութեան եւ սարքերու գտնուելու վայրերն ու անվրէպ խոցումներ կատարել, շարքէն հանել հայկական բանակային միաւորումները եւ կենդանի ուժը:

Կազմակերպուած խումբի անդամներէն երկուքը ներգրաւուած են, որպէս մեղադրեալ, ինքնախոստովականական ցուցմունքներ տուած են, անոնց նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

«2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ին` Արցախի պատերազմի ժամանակ ես իմ ջոկատով մեկնել եմ Հադրութ, Ջաբրայիլ եւ Մարտունի քաղաք: Պատերազմի ընթացքում ես կապի մէջ եմ եղել Ատրպէյճանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հետ, նրանց տրամադրել եմ ռազմատեսակի հակաուժային, զինուորական տեղաշարժեր, ստորաբաժանումների տեղակայումը, որի համար ակնկալում էի 20 հազար ամերիկեան տոլար, սակայն նրանք ինձ վարձատրել են 400-500 տոլար», – ԱԱԾ-ի տեսանիւթին մէջ ըսած է տղամարդը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment