Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ինչպէս Պիտի Ձեւաւորուի Ապագայ Կառավարութիւնը Եւ Որքան Քուէ Պէտք Է Խորհրդարան Մտնելու Համար

Ինչպէս Պիտի Ձեւաւորուի Ապագայ Կառավարութիւնը Եւ Որքան Քուէ Պէտք Է Խորհրդարան Մտնելու Համար

by MassisPost

Յունիս 20-ին կայանալիք արտահերթ Խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւը այսօր՝ Յունիս 7-ին պաշտօնապէս սկիզբ առաւ։ Անիկա պիտի տեւէ մինչեւ Յունիս 18-ը ներառեալ։ Ընտրութիւններուն մասնակցելու համար յայտ ներկայացուցած է 26 ուժ՝ 22  կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք։

Չնայած ԱԺ-ն ընդունեց Ընտրական նոր օրէնսգիրք, սակայն անոր դրոյթներէն հիմնականները ուժի մէջ կը մտնեն այս ընտրութիւններէն յետոյ։ Կատարուած փոփոխութիւններէն ուժի մէջ մտած է վարկանշային ընտրակարգի վերացումը եւ քաղաքացիները արդէն այս ընտրութիւններէն սկսեալ, պիտի քուէարկեն բացառապէս կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւնններու դաշինքներու օգտին։

Փոփոխութիւններ կատարուած են նաեւ ՀՀ Քրէական օրէնսգրքին մէջ․ աւելցած են հետեւեալ յօդուածները՝ քուէաթերթիկը դուրս հանել ընտրատեղամասէն – քր. պատիժ 5 տարուայ ազատազրկում, ընտրակաշառք տալ – 7 տարուայ ազատազրկում, ընտրակաշառք վերցնել -3 տարուայ ազատազրկում։

Կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներուն համար, ԱԺ անցողիկ շեմը կը մնայ հինը՝ կուսակցութիւններուն համար անցողիկ կը համարուի  5%-ը, իսկ դաշինքներու համար՝ 7։

Եթէ ուժերէն մէկը կը ստանայ ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներուն 51% եւ աւելի քուէներ, ապա կ’ընտրէ վարչապետ, կը ձեւաւորէ Կառավարութիւն։ Սակայն, եթէ որեւէ ուժ չի հաւաքեր անհրաժեշտ՝ 51% եւ աւելի քուէն, ապա կուսակցութիւններուն կամ կուսակցութիւններու դաշինքներուն ԿԸՅ-ն (Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով) կու տայ վեց օր ժամանակ, որպէսզի ուժերը կարողանան ձեւաւորել դաշինք եւ ԿԸՅ-ին ներկայացնեն վարչապետի իրենց թեկնածուն։ Ընդ որում, դաշինք կրնայ ձեւաւորուիլ ոչ աւելի, քան 3 քաղաքական ուժի միջեւ։

Դաշինք ձեւաւորուելէն յետոյ կը ձեւաւորուի դաշնային կառավարութիւն, եւ կ’ընտրուի վարչապետ։

Եթէ ուժերը չյաջողեցան ձեւաւորել դաշինք, ապա տեղի կ’ունենայ ընտրութիւններու երկրորդ փուլ։ Անոր կը մասնակցին առաջին փուլին առաջին եւ երկրորդ տեղը գրաւած քաղաքական ուժերը եւ անոնցմէ որ մէկը, որ աւելի շատ ձայն հաւաքեց, այդ ուժին կը տրուի լրացուցիչ այնքան մանտաթ, որպէսզի այդ ուժը ունենայ 54%։

Այն քաղաքացիները, որոնք գրանցուած են բնակավայր մը, սակայն փաստացի կը բնակին այլ բնակավայր, կրնան իրենց փաստացի գտնուելու վայրի Անձնագրային սեղանին դիմում գրել, խնդրելով իրենց անունը ներառել փաստացի բնակութեան վայրի ընտրատեղամասային ցուցակին մէջ: Դիմումի ներկայացման վերջնաժամկէտն է Յունիս 10-ի ժամը 14:00-ը։

Ընդունուած փոփոխութիւններու համաձայն, այս ընտրութիւններուն ընտրողը քուարկելու ատեն պէտք պիտի չունենայ գրիչի:

Քուէաթերթիկին վրայ որեւէ նշում ընելու անհրաժեշտութիւն չկայ։ Բաւական է միայն ընտրել այն կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի անունով քուէաթերթիկը, որուն կը ցանկայ քուէարկել եւ տեղադրելով զայն ծրարին մէջ, ձգել ընտրատուփին մէջ։

Քուէարկութիւնը կ’աւարտի Յունիս 20-ին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին։

Անկէ յետոյ պարզ կը դառնայ՝ 2-րդ փուլ պիտի ըլլայ, թէ՝ ոչ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment