Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀԱՊԿ-ը Հայաստանի Մէջ Զօրավարժութիւն Կը Կատարէ

ՀԱՊԿ-ը Հայաստանի Մէջ Զօրավարժութիւն Կը Կատարէ

by MassisPost

Ռուսական պետական «Սփութնիք» գործակալութիւնը, յղում ընելով ՀԱՊԿ (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն) մամլոյ քարտուղարին, երէկ՝ Յունիս 3-ին հաղորդեց, որ «Ամպրոպ-2021» յատուկ զօրավարժութիւնը կը կատարուի Հայաստանի մէջ: «Զօրավարժութիւններու ընթացքին երկու փուլով գործնական գործողութիւններ պիտի մշակուին զրահատեսակներու, յատուկ մեքենաներու, օդուժի, անօդաչու թռչող սարքերու եւ որոնող շուներու կիրառմամբ», – ըսած է ան, տեղեկացնելով նաեւ, որ Յունիս 1-3-ին Հայաստանի մէջ շտապային բանակցութիւններ կատարուած են վարժանքները նախապատրաստելու համար, որոնք ՀԱՊԿ արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու յատուկ նշանակութեան ուժերու ձեւաւորում կը նախատեսեն:

Թէ յատկապէս ո՞ւր պիտի իրագործուին զօրավարժութիւնները եւ ինչ զօրքեր պիտի մասնակցին, Պաշտպանութեան նախարարութենէն չպարզեցին։

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մէջ կը մտնեն Հայաստանը, Պելառուսիան, Ղազախիստանը, Խրխըզիստանը, Ռուսաստանն ու Տաճիկիստանը:

Ատրպէյճանական զօրքը աւելի քան երեք շաբաթ է, որ Հայաստանի տարածքն է։ Քանի մը ուղղութիւններով դիրքաւորուած են, քիլոմեթրերով խորացած եւ հրաժարած են դուրս գալ։ Հայկական կողմը դիմած էր ՀԱՊԿ-ին, սակայն յստակ դիրքորոշում, առաւել եւս՝ գործողութիւն, այդուհանդերձ, մինչ օրս այդպէս ալ չեղաւ։

Քաղաքական մեկնաբան՝ Յակոբ Բադալեանի կարծիքով՝ եթէ այս զօրավարժութիւնները ի պատասխան Հայաստանի դիմումի դիտարկուին, ապա այն բաւարար լուրջ քայլ չէ։

«Լարուածութեան աստիճանի, բնոյթի հետ համեմատութեամբ՝ սա բացարձակ համարժէք արձագանգ չէ, որովհետեւ մենք գործ ունենք փաստացի ՀԱՊԿ անդամ պետութեան, այսինքն՝ նաեւ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտու սահմանախախտման հետ, եւ այդ սահմանախախտումը, մեղմ ասած, վերացուած չէ, այլ երկրի զինուած ուժեր կանգնած են այդ սահմանին, եւ այս պարագայում ՀԱՊԿ-ից, անկասկած, աւելի լուրջ եւ առարկայական, գոնէ քաղաքական մակարդակի արձագանգ էր պահանջւում», – շեշտեց Բադալեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment