Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը ԲՀԿ-ի Կողմէ Ենթադրեալ Ընտրակաշառք Բաժնելու Վերաբերեալ Տեսանիւթը Ուղարկած Է Ոստիկանութիւն

Դատախազութիւնը ԲՀԿ-ի Կողմէ Ենթադրեալ Ընտրակաշառք Բաժնելու Վերաբերեալ Տեսանիւթը Ուղարկած Է Ոստիկանութիւն

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան անունով Չարբախի մէջ ներկայացող եւ ընտրակաշառք առաջարկող կանանց մասնակցութեամբ տեսանիւթը ուղարկած է Ոստիկանութիւն։

«Տեսանիւթն ուղարկել ենք Ոսիկանութիւն, որպէսզի օփերաթիւ ձեւով ստուգման անհրաժեշտ գործողութիւններ կատարեն եւ դրա ընթացքը լուծեն»,- Civic.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան ու աւելցուց, որ ոստիկանութիւնը կը ստուգէ բոլոր հանգամանքները, որոնք արտայայտուած են տեսանիւթով եւ եթէ համապատասխանութիւն ըլլայ ու հաստատուի յանցաւորութեան յատկանիշներու առկայութիւնը՝ ապա քրէական դատավարական ընթացակարգ կ’ապահովուի։

ՀՀ ոստիկանութեան Զանգուածային Լրատուական Միջոցներու հետ կապի բաժնի պետ՝ Զարզանդ Գաբրիէլեանին հարցուցինք՝ արդեօ՞ք արդէն պարզած են ենթադրեալ ընտրակաշառք առաջարկող կանանց ինքնութիւնը, Գաբրիէլեան ընդգծեց, որ իրենք ընդամէնը կրնան ըսել, որ նիւթեր կը նախապատրաստուին, իսկ միւս մանրամասնութիւնները դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ։

Յիշեցնենք, որ երէկ՝ Յունիս 2-ին «Չարբախում ընտրակաշառք են առաջարկում ԲՀԿ-ի համար» վերնագիրով տեսանիւթ տարածուած էր մամուլով։ Ըստ տեսանիւթին՝ երկու կին այցելած են բազմաբնակարան շէնք եւ բնակիչներուն տեղեկացուցած, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը 2-3 ամսուայ ընթացքին մինչեւ 3 միլիոն վարկեր կը վճարէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment