Վարչապետի պատօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն ներս հանդիպած է Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը նախ առանձին հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ՝ Արա Թորանեանի եւ hոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ, Ֆրանսայի տեղական մարմնի ատենապետ՝ Պետրոս Թէրզեանի հետ:
Ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներուն, հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղուած քայլերուն, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերականգնման, Սփիւռքի ներուժի լիարժէք իրացման հնարաւորութիւններուն: Վերջինիս հետ կապուած Նիկոլ Փաշինեան բարձր գնահատած է սփիւռքահայութեան համախմբուածութիւնը յատկապէս պատերազմի օրերուն եւ հայրենիքին ցուցաբերած անգնահատելի օժանդակութիւնը։
Վարչապետի պաշտօնակատարը հանգամանալից պատասխանած է ֆրանսահայերը հետաքրքրող բոլոր հարցերուն: