Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Խոշոր Սուտը» Որ Կը Սպառնայ Ամերիկայի Ժողովրդավարութեան

«Խոշոր Սուտը» Որ Կը Սպառնայ Ամերիկայի Ժողովրդավարութեան

by MassisPost

Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններէն անցած են եօթ ամիսներ ու նորընտիր նախագահի երդման արարողութենէն չորս ամիսներ ետք, նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփ կը մերժէ ընդունիլ իր պարտութիւնը եւ կը շարունակէ յամառիլ որ նախագահական ընտրութիւնները կեղծուած են ու պաշտօնը խլուած է իրմէ:

Ամերիկեան մամուլը եւ քաղաքական շրջանակները նախկին նախագահի այս պնդումները իրաւացիօրէն կոչեցին՝ «խոշոր սուտ», որու հեղինակները մեծ վնաս կը հասցնեն երկրի ժողովրդավարական հաստատութիւններուն ու կը խախտեն ընտրական գործընթացներու նկատմամբ հասարակութեան վստահութիւնը:

«Խոշոր սուտին» եւ դաւադրապաշտական այլ տեսութիւններուն հաւատացողները անցեալ Յունուար 6-ին, ներխուժելով պետութեան խորհրդանիշ հանդիսացող՝ Գափիթոլի շէնքէն ներս կարողացան ժամանակաւոր խափանել Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան համատեղ նիստը, որ նուիրուած էր քուէարկութեան արդիւնքներու վերջնական հաստատման եւ Ճօ Պայտըի որպէս նորընտիր նախագահ հռչակման: Այդ թուականը դարձաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան ամենէն նշանակալից օրերէն մէկը, սեւ բիծ մը դրոշմելով Ամերիկայի հեղինակութեան վրայ:

Սպիտակ Տունէն հեռանալէն ետք նախկին նախագահը այժմ սկսած է քուէարկութեան արդիւնքներու անպաշտօն ստուգման գործընթաց ծաւալելու աշխատանքին, օգտագործելով նահանգային խորհրդարաններու մէջ իրեն համակիր օրէնսդիրներ, որոնք իրենց կարգին կը նպաստեն «խոշոր սուտի» տարածման:

Արիզոնա նահանգի Ծերակոյտը, ուր Հանրապետականները կը կազմեն մեծամասնութիւն, ենթարկուելով Թրամփի կողմնակիցներու ճնշումներուն, պահանջեց իրեն յանձնել Մարիքոփա գաւառի աւելի քան երկու միլիոն ընտրողներու քուէաթերթիկները եւ էլեկտրոնային սարքերը: Ապա, Ծերակոյտի նախագահը ստուգման համար այդ բոլորը փոխանցեց երրորդ կողմի ընկերութեան մը, որու ղեկավարները եղած են «խոշոր սուտի» տարածողներ:

Ներկայիս, փորձ կը կատարուի նոյնանման գործընթացը սկսիլ այլ նահանգներու մէջ եւս, ուր Թրամփ պարտութիւն կրած էր: Գործնական առումով այս ստուգումները ոչինչ կը փոխեն իրականութենէն, որ Ճօ Պայտըն Ամերիկա օրինաւոր նախագահն է յաջորդ չորս տարիներուն եւ այդ ենթակայ չէ փոփոխութեան: Սակայն, մեծ թիւով Հանրապետականներ կը մերժեն ընդունիլ այս իրողութիւնը: Հանրային կարծիքի վերջին հարցախոյզերուն համաձայն ժողովուրդի այս հատուածի 52 տոկոսը չընդունիր ընտրութիւններու արդիւնքը:

Նոյն այս՝ «խոշոր սուտը» պատրուակ օգտագործելով, հանրապետական մեծամասնութեամբ կառավարուող նահանգներու մէջ նոր օրէնքներ կը հաստատուին ընտրութիւններու մասնակիցներու առջեւ խոչընդոտներ ստեղծելու նպատակով եւ արդիւնքներու հաստատումը նահանգային խորհրդարաններուն վերապահելով: Այս նոր օրէնքներու գլխաւոր նպատակը սեւամորթ ընտրողներու մասնակցութեան թիւի նուազեցումն է՝ առաւելութիւն ապահովելով հանրապետական թեկնածուներուն:

Քաղաքական շրջանակները խիստ մտահոգուած են այս երեւոյթներով եւ շատեր այն կարծիքին են, որ եթէ այս նոր օրէնքները գործէին վերջին ընտրութիւններու ընթացքին Թրամփ կը յաջողէր հասնիլ իր նպատակին ու շրջել արդիւնքները:

Ներկայիս Դեմոկրատ մեծամասնութիւնը կը փորձէ առաջքը առնել նման զարգացումներուն եւ դաշնակցային մակարդակով ընտրական իրաւունքներու միօրինակութիւն մտցնելու օրինագիծ առաջարկած է Գոնկրէսի երկու պալատներէն ներս: Հանրապետականները բնականաբար կ՛ընդդիմանան նման առաջարկներու՝ գլխաւորաբար վախնալով Թրամփէն, որ իրեն հաւատարիմ կողմնակիցներու բանակ մը ունի այդ կուսակցութեան շարքերէն ներս, որոնք կրնան վտանգել իրենց կամքէն շեղողներուն վերընտրութիւնը՝ ներկուսակցական պայքարի ընթացքին:

Նախկին նախագահի տարածած սուտերուն եւ որոշ հանրապետականներու մեղսակցութեան պատճառաւ Ամերիկան ներկայիս կը գտնուի վտանգաւոր խաչմերուկին մը առջեւ, որ կը սպառնայ երկրի ժողովրդավարութեան եւ մէկ նախագահէն միւսը իշխանութեան խաղաղ փոխանցման սկզբունքին, որ խաթարուեցաւ վերջին ընտրութիւններէն ետք եւ կրնայ սովորութիւն դառնալ ապագային, իր բոլոր բացասական ու վտանգաւոր հետեւանքներով:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment