Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայ Ազգային Քոնկրէսի Համար Արտահերթ Ընտրութիւններուն Մասնակցութիւնը «Պետութիւնը Փրկելու Յատուկ Գործողութիւն Է»

Հայ Ազգային Քոնկրէսի Համար Արտահերթ Ընտրութիւններուն Մասնակցութիւնը «Պետութիւնը Փրկելու Յատուկ Գործողութիւն Է»

by MassisPost

Առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած քաղաքական ուժի նախընտրական շտաբի պետ՝ Լեւոն Զուրապեանի խօսքով՝ այս մղումով կ’երթան ընտրապայքարի, հակառակ պարագային, ըսած է, այլընտրանքը պետութեան փլուզումը, նոր դժբախտութիւններն ու ողբերգութիւններն են․ – «Մենք պէտք է ամէն ինչ անենք, որ Հայաստանում յաղթանակի քաղաքական իրատեսութիւնը, որը հիմնուած է գործնական քաղքականութեան վրայ, իրատեսութեան վրայ, ռազմավարական հաշուարկի վրայ, դաշնակիցների հետ հիմնաւորուած աշխատանքի վրայ»։

Հայ ազգային քոնկրէսը ընտրութիւններուն կը մասնակցի յաղթելու նպատակով։ Արդէն իսկ ընտրած են ընտրարշաւի կարգախօսը։ Ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման վերաբերեալ 1997 թուականին գրուած յայտնի յօդուածի վերնագիրէն հատուած է՝ «Լրջանալու պահը»․ – «Մեր նպատակը, մեր բոլորիս նպատակը, սա միայն մերը չի, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների նպատակը պէտք է լինի արագօրէն Հայաստանում վերականգնել արդիւնաւէտ պետական կառավարումը։ Եւ այդ առիթը կը տրուի Յունիս 20-ին»։

Ընտրութիւններուն նեղ կուսակցական ցուցակով պիտի չմասնակցին․ փաստացի այն դաշինք է, ուր ընդգրկուած են գիտնականներ, մտաւորականներ, մշակութային գործիչներ, կառավարիչներ, նոյնիսկ գործարարներ, մարդիկ, որոնք իրենց ոլորտներուն մէջ լուրջ փորձ ունին, ըսած  է Զուրապեան:

ՀԱԿ-ի փոխնախագահը յիշեցուցած է, որ իրենք եւս խօսած են ձեռնատիրութիւնը քաղաքականութենէն տարանջատելու մասին, բայց բացատրած, որ այս այլ իրավիճակ է։ Զուրապեան վստահեցուցած է, թէ իրենց ցուցակին մէջ ընդգրկուած գործարարները չունին խոշոր տնտեսական շահեր․ – «Չկան այդպիսի մարդիկ։ Կան յաջողակ գործարարներ»։

ՀԱԿ-ը այսօր հրապարակեց աւելի քան հարիւր անուն ընդգրկող իր ընտրական ցուցակը. զայն կը գլխաւորէ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը։ Երկրորդ եւ երրորդ տեղերը համապատասխանաբար Լեւոն Զուրապեանն ու Ջրային կոմիտէի նախկին նախագահ՝ Ինեսսա Գաբայեանն են։

Զուրապեան յայտատարած է, որ իրենք անհաւասար մարտի մէջ մտած են ու նահանջելու տեղ չկայ։ Անոր խօսքով, մետիայի միջոցներու մեծ մասը նախկին իշխանութիւններու ձեռքն են, ներկայ իշխանութիւնն ալ իր հերթին կը տիրապետէ լրատուամիջոցներուն։ Ուստի իրենց առջեւ խնդիր դրուած է ճեղքելու տեղեկատուական շրջափակումը․ – «Դա պէտք չի հասկանալ տառացիօրէն։ Ես չեմ ասում, որ մեզ ոչ մի տեղ չեն թոյլ տալիս խօսել։ Խօսքը միջոցների անհաւասարակշռութեան մասին է, խօսքը նրա մասին է, որ էդ աղմուկի մէջ, էդ, ինչպէս նախագահը ասեց՝ խառնաշփոթութեան մէջ ճշմարտութեան խօսքը շատ դժուար է հնչեցնել»։

Արդեօք Հայ ազգային քոնկրէսը ընտրութիւններէն ետք պատրա՞ստ է դաշինք կազմել այլ քաղաքական ուժերու հետ։ Զուրապեան վաղ համարած է այդ խօսակցութիւնները՝ շեշտելով, որ իրենք կը մասնակցին յաղթելու։ Բայց եւ չի բացառեր գործակցութիւն այլ ուժերու հետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութենէն հեռացնելու նպատակով․ – «Մենք տեսնում ենք հիմա գլխաւոր խնդիրը, գլխաւոր չարիքը՝ էս անկարող իշխանութիւնները։ Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է հեռանայ։ Ամէն օր իր մնալը, դա բան է․․․ անգամ եթէ համագործակցենք, պիտի համագործակցենք իրան հեռացնելու նպատակով»։

ՀԱԿ-ի փոխնախագահը նաեւ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանի հեռացումը անհրաժեշտ կը համարէ քաղաքական դաշտէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment