Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 27 Քաղաքական Ուժեր Ներկայացուցին Իրենց Ընտրացուցակները

27 Քաղաքական Ուժեր Ներկայացուցին Իրենց Ընտրացուցակները

by MassisPost

27 քաղաքական ուժեր ընտրութիւններուն մասնակցութեան վերաբերեալ  յայտ ներկայացուցած են, սակայն դեռ պարզ չէ, թէ անոնցմէ քանի հատը կուսակցութիւն է եւ քանին դաշինք: Քաղաքական ուժերը իրենց ընտրացուցակները ներկայացուցած են Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով (ԿԸՅ):

Այսօր վերջին օրն էր ընտրական ցուցակներու ներկայացման համար, եւ փաստօրէն առաջինը ներկայացաւ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը: Ցուցակը ներկայացուց մամլոյ խօսնակ՝ Վահագն Ալեքսանեան, որ հաստատեց, որ կուսակցութեան առանցքային դէմքերէն՝ փոխվարչապետի պաշտօնակատար՝ Տիգրան Աւինեանը, Երեւանի քաղաքապետ՝ Հայկ Մարութեանը, ԱԺ պատգամաւոր՝ Սասուն Միքայէլեանը ցուցակներուն մէջ չկան: Փոխվարչապետին հետ կապուած որեւէ բացատրութիւն Ալեքսանեան չներկայացուց, չմեկնաբանեց նաեւ տեղեկութիւնը, որ ցուցակին մէջ յայտնուած Խաչատուր Սուքիասեանը կրնայ փոխարինել Աւինեանը այդ պաշտօնով. «Ես չգիտեմ, թէ դուք որտեղից վերցրիք այդ ամէն ինչը, ես նորից եմ ասում` դեռ պէտք է ընտրութիւններ լինեն, կառավարութիւն կազմուի, վարչապետ ու փոխվարչապետեր ընտրուեն ու նշանակուեն»:

Կուսակցութեան խօսնակը անդրադարձաւ նաեւ այն փաստին, որ ՔՊ-ի ցուցակին մէջ կան գործարարներ՝ Խաչատուր Սուքիասեան, Գուրգէն Արսէնեան. «Մենք բոլոր այն գործիչներին, ում ընդգրկել ենք մեր նախընտրական ցուցակում, վստահութիւն ունենք, որ այդ գործիչները պէտք է որոշակի ներգրաւում ունեն պետական կառավարման գործում եւ պէտք է իրենց չափով որոշակի պատասխանատուութիւն ստանձնեն Հայաստանի համար այս ծանր շրջանում: Ես չեմ պատկերացնում այնպիսի մի քաղաքական ուժ Հայաստանում, որի ընտրական ցուցակում երբեւէ չլինեն գործարարներ:

Ես կարծում եմ, որ շատ յաճախ համաշխարհային պատմութեան մէջ նաեւ գործարարները գնում են քաղաքականութիւն: Բայց ՀՀ օրէնքներն ու Սահմանադրութիւնը դնում են որոշակի սահմանափակումներ, այստեղ արդէն խնդիրն այն է, թէ արդեօք մանտաթը ստանձնելուց յետոյ տուեալ գործարարը օրէնքի պայմաններին կ’ենթարկուի, թէ չի ենթարկուի:

Անհնարին եմ համարում, որ մեր ցուցակով ընտրուած ցանկացած գործարար շարունակի զբաղուել ձեռնարկատիրութեամբ պատգամաւոր դառնալուց յետոյ»:

Այս ընտրութիւնները առաձնայատուկ են, որովհետեւ Հայաստանի երեք նախկին նախագահներու ղեկավարած քաղաքական ուժերը մասնակցութեան յայտ ներկայացուցած են: Երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեան կը գլխաւորէ «Հայաստան» դաշինքը: Անոնց ցուցակը ներկայացուց Մարտ 1-ի գործով Քոչարեանի փաստաբան՝ Արամ Վարդեւանեան, չբացառեց դաշինքի համագործակցութիւնները, նշեց, որ բաց են համագործակցութիւններու համար, բացառութիւն է իշխող «Իմ քայլը»: Առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ղեկավարած Հայ ազգային քոնկրէսը միայնակ կը մասնակցի, որպէս կուսակցութիւն: Ցուցակը կը գլխաւորէ Տէր Պետրոսեանը:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցին նաեւ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած Հանրապետականը Արթուր Վանեցեանի կուսակցութեան հետ միասին «Պատիւ ունեմ» դաշինքով: Ինքը` Սերժ Սարգսեան ցուցակին մէջ ներկայացուած չէ, ցուցակին մէջ ընդգրկուած չեն նաեւ ՀՀԿ-ի այնպիսի առանցքային դէմքեր, ինչպէս օրինակ` Արմէն Աշոտեանը, Էդուարդ Շարմազանովը: Ընտրացուցակին մէջ կան Երեւանի նախկին քաղաքապետ՝ Տարօն Մարգարեանը (երկրորդ համար), Գալուստ Սահակեանի որդին` Արման Սահակեանը, «Իմ քայլ»էն դուրս ելած պատգամաւոր՝ Թագուհի Թովմասեանը առաջին տասնեակին մէջ է:

Ինչ կը վերաբերի խորհրդարանական ընդդիմութեան, ապա ե՛ւ ԲՀԿ-ն, ե՛ւ ԼՀԿ-ն առանձին կուսակցութիւններով կը մասնակցին: ԲՀԿ-ական Արման Աբովեան վստահութիւն յայտնեց, որ կը յաջողին 50+1 տոկոս հաւաքել, միայնակ կառավարութիւն ձեւաւորել, հետեւաբար եւ դաշինքի մասին խօսիլը աւելորդութիւն համարեց:

ԼՀԿ-էն Դաւիթ Խաժակեան ըսաւ, որ այս երկար դադարէն ետք առաջին ընտրութիւններն են, որոնց արդիւնքները կանխատեսելի չեն:

Իրենց ընտրական ցուցակները ներկայացուցած են նաեւ Արամ Սարգսեանի ղեկավարած «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը, փաստաբան Նորայր Նորիկեանի ղեկավարած «Արդար Հայաստան» կուսակցութիւնը եւ «Համահայկական ազգային պետականութիւն» կուսակցութիւնը:

Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարած «Հայաստան» դաշինքը այսօր աւելի վաղ իր ընտրացուցակի առաջին 20 թեկնածուներու անունները հրապարակած է: Ցուցակը կը գլխաւորէ երկրորդ նախագահ՝ Ռոպերթ Քոչարեանը, երկրորդ համարը ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ՝ Իշխան Սաղաթէլեանն է, երրորդը՝ ԱԺ պատգամաւոր, սիւնեցի Աննա Գրիգորեանն է, չորրորդը` «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Սիւնիքի նախկին մարզպետ՝ Վահէ Յակոբեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment