Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ այսօր՝ Մայիս 25-ին ժամը 14։20-ի սահմաններուն հրազէնի կիրառմամբ միջադէպ արձանագրուած է Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզի Վերին Շորժայի սահմանային հատուածը։
Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան՝ մասնաւորապէս հակառակորդի կողմէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ կրակահերթեր արձակուած են։
«Հակառակորդի արձակած կրակահերթերից յետոյ սկսուած փոխհրաձգութեան արդիւնքում մահացու հրազէնային վիրաւորում է ստացել պայմանագրային զինծառայող, կրտսեր սերժանտ Վ. Յ. Խուրշուդեանը (ծնուած 1989 թ.)», – յայտնած է նախարարութիւնը՝ նշելով, որ իրավիճակը այս պահուն վերահսկելի է, կրակոցներ չկան, իսկ միջադէպի մանրամասնութիւնները կը ճշդուին։