Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արամ Սարգսեան կը Գլխաւորէ «Հանրապետութիւն» Կուսակցութեան Նախընտրական Ցուցակը

Արամ Սարգսեան կը Գլխաւորէ «Հանրապետութիւն» Կուսակցութեան Նախընտրական Ցուցակը

by MassisPost

Յունիս 20-ին նախատեսուած խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախընտրական ցուցակը կը գլխաւորէ կուսակցութեան նախագահ՝ Արամ Սարգսեան։

Ըստ կուսակցութեան դիմատետրեան էջին՝ երկրորդը՝ Արտակ Զեյնալեանն է, իսկ երրորդը՝ Անի Խաչատրեանը:

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուած են Յունիս 20-ին, նախընտրական քարոզարշաւը սկիզբ կ’առնէ Յունիս 7-ին ու կը տեւէ մինչեւ Յունիս 18-ը։ Վաղը՝ Մայիս 26-ին ժամը 18։00-ին կը լրանայ նախընտրական ցուցակները Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով ներկայացնելու վերջնաժամկէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment