Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մեր Օրակարգին Վրայ Տարածքներու Հարց Չկա» Վահէ Ղալումեան

«Մեր Օրակարգին Վրայ Տարածքներու Հարց Չկա» Վահէ Ղալումեան

by MassisPost

«Յանձնաժողովը ստեղծւում է նրա համար, որ սահմանային խնդիրներն ուսումնասիրի եւ լուծում տայ»,- այդ մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Վահէ Ղալումեան խօսելով  Ռուսաստանի առաջարկով սահմաններու հարցով եռակողմ յանձնաժողով ստեղծելու մասին հարցի վերաբերեալ։

Լրագրողները հետաքրքրուած էին նաեւ, թէ արդեօք իրենց օրակարգին վրայ կա՞յ նաեւ տարածքներու մասին հարցը, Վահէ Ղալումեան պատասխանեց,-

«Մեր օրակարգում տարածքների հարցը չի, մեր օրակարգում սահմանների ճշգրտման հարցն է, որպէսզի երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատենք Ատրպէյճանի հետ։ Բանակցենք, որ իրենք պարտաւորութիւնները կատարեն։ Մեր սահմանին են, պէտք է բանակցենք, որ դուրս գան, խնդիրը դրուած է յստակ, որ առանց քննարկման պէտք է դուրս գան այդ տարածքից։ Երէկ ՊՆ-ն  յայտարարութիւն տարածեց, որ զինուած խմբի մօտաւորապէս կէսը յետ է գնացել, պէտք է բանակցել, որ միւս կէսն էլ գնան»,-ըսաւ Վահէ Ղալումեան։

Ինչ կը վերաբերի Տաւուշի մարզի գիւղերուն, պատգամաւորը ըսաւ, որ Տաւուշը 30 տարի է կ’ապրի այդ խնդրով եւ տաւուշցիին՝ սահմանի բնակիչին առաջին հերթին պէտք է խաղաղութիւնը, իրենք գիտեն խաղաղութեան գինը եւ այդ յանձնաժողովը, որ սահմանային հարցերը լուծելու համար պիտի ստեղծուի, անոր արդիւնքը պէտք է խաղաղութիւն ըլլայ այն մարդոց որոնց որ պէտք է։

Լրագրողներէն մէկուն դիտարկման, որ եթէ խաղաղութիւն ըլլայ, բայց ատրպէյճանցիները ընեն իրենց ուզածը, ա՞յդ կ’ըլլայ մեր ուզածը,  պատգամաւորը ըսաւ․

«Ինչո՞ւ էք պնդում, որ Ատրպէյճանի ուզածը պէտք է լինի, այդ յանձնաժողովը դեռ չի ստեղծուել, դեռ աշխատանքներ չի արել, դուք արդէն ենթադրութիւններ էք անում, որ մենք տուժող կարգավիճակ ունենք»․-ըսաւ Վահէ Ղալումեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment