Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այվազեան Հանդիպած Է Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն Հետ

Այվազեան Հանդիպած Է Ռուսաստանի, ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի Դեսպաններուն Հետ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեան այսօր՝ Մայիս 24-ին ընդունած է Հայաստանի մօտ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու դեսպաններ՝ Սերկէյ Քոփիրքին (Ռուսաստան), Ճոնաթան Լաքոթը (Ֆրանսա) եւ Լին Թրէյսին (ԱՄՆ):

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպման ընթացքին, անդրադարձած են ԼՂ-ի հակամարտութեան լայն համաթեքսթին եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու խաղաղութեան հարցերուն:

Հանդիպման առանցքին եղած են նաեւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու՝ ՀՀ ինքնիշխան տարածք ներթափանցման հետեւանքով Հայաստանի սահմանամերձ մարզերուն մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը: ԱԳ նախարարի պաշտօնակատարը ներկայացուցած է վերջին զարգացումները՝ վերահաստատելով Հայաստանի պատրաստակամութիւնը՝ խնդիրը լուծելու քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով:

Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան՝ Արա Այվազեանը, անթոյլատրելի համարած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ոտնձգութեան որեւէ դրսեւորում՝ ընդգծելով ատրպէյճանական զինուած ուժերու՝ ՀՀ տարածքը անյապաղ եւ անվերապահ լքելու հրամայականը՝ իրավիճակի հետագայ լարումէն խուսափելու համար:

Զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են ստեղծուած իրավիճակին մէջ ձեռնարկուող քայլերուն շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment