Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Յայտարարած Է՝ Ատրպէյճանական Կողմի Հետ Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրուի

Փաշինեան Յայտարարած Է՝ Ատրպէյճանական Կողմի Հետ Փաստաթուղթ Պիտի Ստորագրուի

by MassisPost

«Այո, ես այդ թուղթը ստորագրելու եմ», – այսօր՝ Մայիս 20-ի կառավարութեան նիստի սկիզբը յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան, այսպիսով՝ ըստ էութեան հաստատելով, որ ատրպէյճանական կողմի հետ կը նախապատրաստուի նոր փաստաթուղթի ստորագրում։

Փաշինեան այս մասին խօսեցաւ միայն այն բանէն յետոյ, երբ երէկ, երկրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի փեսան, Վատիկանի մօտ նախկին դեսպան՝ Միքայէլ Մինասեան իր էջով հրապարակեց մասնակիօրէն գաղտնազերծուած փաստաթուղթի մը աշխատանքային տարբերակը, որ անոր բնորոշմամբ Հայաստանի համար աղէտալի հետեւանք կ’ունենայ, իսկ ըստ Փաշինեանին՝ 100 տոկոս կը համապատասխանէ Հայաստանի շահերուն:

«Այն լուծումները, որոնք այս պահին մեր միջազգային գործընկերների հետ ձեռք են բերուած նախնական համաձայնութիւններ, այդ լուծումները 100 տոկոսով համապատասխանում են Հայաստանի շահերին, 100 տոկոսով, ոչ թէ 99,9: Եւ, այո, եթէ Ատրպէյճանը այդ պայմանաւորուածութիւնները իրագործի, եւ այն պայմաններում, ինչ որ խօսել ենք, այո, ես այդ թուղթը ստորագրելու եմ», – յայտարարած է Փաշինեան:

Ատրպէյճանական ուժերը դեռ կը գտնուին Հայաստանի տարածքը, Մայիս 12-էն ի վեր Հայաստանի սահմաններուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին մէջ փոփոխութիւն չկայ, իրադրութիւնը կը շարունակուի մնալ լարուած, կառավարութեան նիստին յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան։

Եթէ մէկ շաբաթ առաջ Փաշինեան կը խօսէր Հայաստանի տարածք ներխուժած շուրջ 250 ատրպէյճանցի զինուորներու մասին, այսօր արդէն՝ 500-600-ի։

«Օբերաթիւ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերի հատուածներում փոփոխութիւն չի կրել այն առումով, իրադրութիւնը, ի հարկէ, շարունակում է մնալ լարուած, այն արձանագրումով, որ դեռեւս բաւական թուով ատրպէյճանցի զինուորականներ գտնւում են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում, մօտաւորապէս 500-600 հոգի, տարբեր հատուածներում», – նշած է Փաշինեան:

Շուրջ 250, ոչ թէ 500 կամ 600 զինուորականներու Հայաստանի սահմաններէն ներս գտնուելու մասին վարչապետի պաշտօնակատարը յայտնած էր Մայիս 13-ին կայացած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին։ Այսօր Փաշինեան նշեց, որ Հայաստանի նպատակն է ատրպէյճանական զինծառայողներու վերադարձը իրենց ելման դիրքեր առանց ռազմական բախման։

«Քաղաքական առումով մեր խնդիրը հետեւեալն է, առաջինը, թոյլ չտալ, որ իրավիճակը դուրս գայ վերահսկողութիւնից, այսինքն՝ առաւելագոյնը անել պատերազմական կամ ռազմական բախման որեւէ սենար բացառելու համար, եւ երկրորդը՝ հասնել նրան, որ ատրպէյճանական զինուժի ներկայացուցիչները լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը: Այս առումով կարող ենք արձանագրել, որ ահռելի դիւանագիտական աշխատանք է արուել եւ արւում: Այս պահի դրութեամբ դիւանագիտական կատարուած աշխատանքը համարում եմ արդիւնաւէտ», – ընդգծեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment