Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արման Բաբաջանեան կը Գլխաւորէ «Շիրինեան-Բաբաջանեան Ժողովրդավարներու Դաշինք»-ի Նախընտրական Ցուցակը

Արման Բաբաջանեան կը Գլխաւորէ «Շիրինեան-Բաբաջանեան Ժողովրդավարներու Դաշինք»-ի Նախընտրական Ցուցակը

by MassisPost

«Շիրինեան-Բաբաջանեան ժողովրդավարներու դաշինք»-ի ցուցակը կը գլխաւորէ  Յանուն Հանրապետութեան կուսակցութեան ղեկավար մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր՝ Արման Բաբաջանեան. Բաբաջանեան Դիմատետրի իր էջին վրայ այսօր՝ Մայիս 19-ին հրապարակած է դաշինքի նախընտրական ցուցակի առաջին եռեակը։

Ըստ այդմ՝ երկրորդը Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան առաջնորդ՝ Լեւոն Շիրինեանն է իսկ եռեակը եզրափակած է փաստաբան Սեդա Սաֆարեան:

Մայիսի 18-ին Յանուն Հանրապետութեան եւ Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները յայտարարեցին Յունիս 20-ին կայանալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն միասնական ճակատով մասնակցելու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment