Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարութիւնը Կոչը Կ’ուղղէ իր Քաղաքացիներուն Զերծ Մնալ Հայաստան Այցելելէ

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարութիւնը Կոչը Կ’ուղղէ իր Քաղաքացիներուն Զերծ Մնալ Հայաստան Այցելելէ

by MassisPost

Պետական քարտուղարութիւնը կոչ կ’ուղղէ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներուն զերծ մնալու Հայաստան այցելելէ։ Այս մասին նշուած է Մայիս 18-ին ամերիկեան դիւանագիտական գերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, որու համաձայն՝ Հայաստան այցելելէ հարկաւոր է զերծ մնալ «որոշ շրջաններու մէջ COVID-19-ով վարակուելու մեծ վտանգի պատճառով»։

Բացի այդ, Պետական քարտուղարութիւնը կոչ կ’ուղղէ ԱՄՆ-ի քաղաքացիներուն չայցելել Լեռնային Ղարաբաղ եւ զգուշաւորութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին սահմանակից շրջաններ այցելութիւններու ընթացքին։ «Զգուշութիւն ցուցաբերեցէք Հայաստանի այն ճանապարհներուն վրայ, որոնք կը գտնուին Ատրպէյճանի հետ սահմանի հարեւանութեամբ։ Հաշուի առէք, որ այդ ճանապարհներու որոշ հատուածներուն կրնաք առանց նախնական զգուշացման հատել պետական սահմանը։ Ճանապարհները կրնան վերահսկուիլ անցակէտերու կողմէ կամ ալ առանց նախազգուշացման փակուիլ ճանապարհորդողներու համար», – նշուած է Պետական քարտուղարութեան հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment