Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրան Կտրականապէս Դէմ Է Հայաստանի Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութեան

Իրան Կտրականապէս Դէմ Է Հայաստանի Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութեան

by MassisPost

Իրանը կը խստացնէ դիրքորոշումը հայ-ատրպէյճանական սահմանին ճիշդ մէկ շաբաթ շարունակուող լարուածութեան հարցով` ընդգծելով, որ չ’ընդունիր սահմաններու որեւէ փոփոխութիւն, ու նաեւ` այլ ուժերու տեղակայում իր սահմանային տարածքներուն:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումը շատ պարզ է, աներկբայ եւ որոշիչ՝ տարածաշրջանի երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի», – ըսած է Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Մոճթապա Զոլնուրին ռուսական «Սփուտնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին:

Անուանական չդատապարտելով ատրպէյճանական զինուժի գործողութիւնները՝ իրանցի պաշտօնեան, միեւնոյն ժամանակ, պարզորոշ ըսած է. – «Մեզի համար անընդունելի է, որ Հայաստանի տարածքի մէկ մասը վերցնեն, եւ մեր սահմանները փոփոխութեան ենթարկուին, այսինքն՝ ունենանք նոր հարեւան: Գոյութիւն ունեցող սահմանները պէտք է լիովին պաշտպանուին, եւ Իսլամական Հանրապետութեան սահմանը Հայաստանի հետ պէտք է պահպանուի»:

Զոլնուրին, որ մինչ խորհրդարան գալը Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչն էր Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատին մէջ, ռուսական գործակալութեան հետ զրոյցին նաեւ ընդգծած է, որ Թեհրան չ՛ընդունիր տարածաշրջանէն դուրս, այլ երկիրներու զինուած ուժերու ներկայութիւնը Իրանի սահմանին մօտ գտնուող տարածքներուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment