Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ՝ Գագիկ Բեգլարեան Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուած Է

Երեւանի Նախկին Քաղաքապետ՝ Գագիկ Բեգլարեան Գրաւի Դիմաց Ազատ Արձակուած Է

by MassisPost

Մէկ տարի հետախուզուող Երեւանի նախկին քաղաքապետ՝ Գագիկ Բեգլարեան, որ երէկ՝ Մայիս 18-ին կալանաւորուած էր Հայաստան ժամանելուն պէս, այսօր ազատ արձակուած է 50 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց։

Ոստիկանութիւնը հաղորդած էր, որ Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամ՝ Բեգլարեան Մոսկուա – Երեւան թռիչքով վերադարձած է եւ անմիջապէս յանձնուած Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան։

Դեռ 2020-ի Մարտին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հետախուզում յայտարարած էր, Բեգլարեանը մեղադրելով պետութեան պատկանող առանձնապէս խոշոր չափերով՝ աւելի քան 230 միլիոն դրամ արժողութեամբ անշարժ գոյք յափշտակելու համար։ Խօսքը մայրաքաղաքի Թամանեան փողոցը գործող մանկապարտէզի օտարման մասին է։

Մէկ տարի առաջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց Երեւանի նախկին քաղաքապետին վերագրուող մեղադրանքի մանրամասնութիւնները։ Ըստ այդմ, 13 տարի առաջ՝ 2008-ին մայրաքաղաքի Կեդրոնի թաղապետի պաշտօնը ստանձնած ժամանակ Բեգլարեան այնպէս ըրած է, որ 2 մանկապարտէզներ վերամիաւորելու գործընթաց սկսի։ Ապա 2009-ի Մարտին, արդէն որպէս Երեւանի քաղաքապետ, յանցաւոր մտադրութիւնը աւարտին հասցնելու նպատակով՝ որոշում կայացուցած է, որով փոխուած է մանկապարտէզի աւելի քան 200 քառակուսի մեթր մակերեսով տարածքի նշանակութիւնը եւ այն ընդգրկուած է ոչ բնակելի ֆոնդին մէջ՝ որպէս հասարակական սպասարկման տարածք։ Անկէ յետոյ այդ անշարժ գոյքը ընդամէնը աւելի քան 23 միլիոն դրամով օտարուած է, իսկ 2011-ի Փետրուարին ընդամէնը 24 միլիոն դրամով գրանցուած է Բեգլարեանի հօր անուամբ, այնուհետեւ որպէս ժառանգորդ այն գրանցուած է Գագիկ Բեգլարեանի անուամբ։

Երեւանի մանկապարտէզներու ոլորտի չարաշահումներու մասին դեռ 2019-ին հրապարակում կատարած էր «Հետք» էլեկտրոնային պարբերականը՝ ահազանգելով, որ շարք մը մանկապարտէզներ անօրինական օտարուած են Բեգլարեանի պաշտօնավարման օրօք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment