Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կ’աշխուժանայ Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանային Ճգնաժամի Հանգուցալուծման Գործով

ԱՄՆ Կ’աշխուժանայ Հայաստան-Ատրպէյճան Սահմանային Ճգնաժամի Հանգուցալուծման Գործով

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները աստիճանաբար կ’աշխուժացնէ իր ներգրաւուածութիւնը Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած ճգնաժամի հանգուցալուծման գործով։

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԱՄՆ-ի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական ՃԷյք Սալիվանի միջեւ նախորդ օրը երեկոյեան կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին նախագահ՝ Ճօ Պայտընի առանցքային խորհրդականներէն մէկը, ըստ Հայաստանի վարչապետի լրատուական ծառայութեան հաղորդագրութեան, «անընդունելի եւ սադրիչ համարած է Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ուժերու իրագործած գործողութիւնները, եւ տեղեկացուցած, որ ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը պիտի ներկայացուի նաեւ ատրպէյճանական ղեկավարութեան՝ պահանջելով դուրս հանել իրենց ուժերը Հայաստանի տարածքէն»:

Սալիվան նաեւ «մտահոգութիւն յայտնած է Ատրպէյճան պահուող հայ գերիներու առնչութեամբ եւ ընդգծած անոնց վերադարձի ապահովման կարեւորութիւնը»։

ԱՄՆ-ի Սպիտակ տան տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Ճէյք Սալիվան Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարէն զատ, հեռախօսազրոյց ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած է երկու երկիրներու միջեւ վերջին օրերու լարուածութեան առնչութեամբ եւ ընդգծած, որ «ռազմական տեղաշարժերը չսահմանագծուած սահմաններու մօտ անպատասխանատու են եւ սադրիչ»։

Ամերիկեան կողմի հաղորդագրութեան համաձայն, Սալիվան ընդգծած է իրենց միջազգային սահմանը սահմանագծելու հարցով երկու երկիրներու պաշտօնական քննարկումներ կայացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ փոխանցած է տարածաշրջանին մէջ երկկողմանի ներգրաւուածութեամբ հաշտեցման հասնելու Միացեալ Նահանգներու նուիրուածութիւնը նաեւ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ:

Յիշեցնենք, որ Փաշինեանի ու Ալիեւի հետ Ճէյք Սալիվանի հեռախօսազրոյցը, յաջորդեց ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան մամլոյ խօսնակ՝ Ճալինա Փորթըրի Մայիս 14-ի աննախադէպ յայտարարութեան, թէ «Միացեալ Նահանգները կ’ակնկալէ, որ Ատրպէյճան անյապաղ ետ քաշէ իր զօրքը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment