Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանը Երբեք Միջանցքի Հարց Չէ Քննարկած Եւ Չի Քննարկեր». Նիկոլ Փաշինեան

«Հայաստանը Երբեք Միջանցքի Հարց Չէ Քննարկած Եւ Չի Քննարկեր». Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:

Ինչպէս յայտնեցին ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն,  նիստի բացման Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին ու անոր հանգուցալուծման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն:

Ան մասնաւորապէս, նշած է. թէ  Մայիսի 14-էն յետոյ, Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողներու որոշ խումբեր դուրս եկած են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն, եւ որ նման ընթացք տեղի ունեցած է նաեւ երէկ երեկոյեան, նաեւ նախանշան կայ, որ կրնայ այսօր ալ տեղի ունենալ, բայց ընդհանուր առումով, ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը ամսու 12-էն ի վեր կը համարուի անփոփոխ: «Այսինքն, ռազմաքաղաքական առումով մեծ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցել, որոշ խմբեր դուրս են եկել, բայց դրանից իրադրութիւնը չի փոխուել: Ի՞նչ է սա նշանակում. սա նշանակում է, որ մենք պէտք է շարունակենք գործարկել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան մեքենականութիւնները եւ պէտք է շարունակենք աշխատել հայ-ռուսական դաշնակցային մեքենականութիւնների գործարկման ուղղութեամբ: Մեր դիրքորոշումը յստակ է՝ ատրպէյճանցի զինծառայողները պէտք է լքեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը»:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ ռազմաքաղաքական ցանկացած դիմադրութիւն, ցանկացած պայքար կը զուգորդուի տեղեկատուական պայքարով եւ ակնյայտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կը գործեն Ատրպէյճանի տեղեկատուական պայքարի գործակալներ: «Այդ մարդիկ 2020 թուականին Ատրպէյճանի նախագահին հրաւիրում էին յարձակուել Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ, այս իրադարձութիւններից առաջ ցոյց էին տալիս մօտաւորապէս այն տեղանքները, որտեղից կարելի է ներխուժել  Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք եւ նրանք հիմա նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հանրութեան շրջանում տարածում են Ատրպէյճանի քարոզչութեան թէզեր ու, ըստ էութեան, յուշում են, թէ ինչպիսի բանակցային դիրքորոշումներ որդեգրի Ատրպէյճանը, որպէսզի դրանք առաւել նպաստաւոր լինեն իրենց քաղաքական պայքարի համար»:

Փաշինեան յիշեցնելով Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ բարձրաձայնուող «Զանգեզուրի միջանցքի» թէզը, շեշտեց,- «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք միջանցքի հարց չի քննարկել եւ չի քննարկելու: Այն քննարկումները, որ մենք ունեցել ենք՝ հրապարակային են, դրանք արտայայտուած են Յունուարի 11-ի համատեղ յայտարարութեան եւ եռակողմ աշխատանքային խմբի գործունէութեան հետ կապուած պաշտօնական տեղեկատւութեան մէջ: Ուզում եմ ասել, որ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւնների բացումը, այո, մեր քաղաքական օրակարգում է, բայց դա որեւէ կերպ չի կարող կապ ունենալ «միջանցքային» քարոզչութեան հետ, որն այսօր շարունակում են քարոզել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յստակ քաղաքական շրջանակներ» :

Ան ընդգծեց նաեւ սահմաններու ճշգրտման գործընթացը,- «Սահմանների ճշգրտման գործընթացն ինչքան անհրաժեշտ է Ատրպէյճանին, այնքան էլ անհրաժեշտ է Հայաստանի Հանրապետութեանը: Եւ սահմանների ճշգրտման առումով կայ մի այսպիսի նրբութիւն. վերջին օրերին ատրպէյճանական քարոզչութիւնը փորձ է անում առաջ քաշել այն միտքը, որ սահմանների ճշգրտման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ երկկողմ ձեւաչափով: Նման բան տեղի ունենալ չի կարող այն պարզ պատճառով, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանն իրար հետ, ըստ էութեան, չունեն յարաբերութիւններ: Եւ  ինչպէս հաղորդակցոթիւնների բացման, նոյնկերպ եւ սահմանների ճշգրտման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ եռակողմ ձեւաչափով, ինչի շուրջ մի քանի անգամ ձեռք են  բերուել պայմանաւորուածութիւններ, եւ այդ պայմանաւորուածութիւնների  խախտումը կամ խափանումն է նաեւ, իմ կարծիքով, Ատրպէյճանի զինուած ուժերի եւ ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան գործողութիւնների պատճառը»:

Ըստ վարչապետի պաշտօնակատարին՝ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ չորեքշաբթի օր: Անոնք ունին մէկ թեմա՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու զինծառայողները պէտք է դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն: «Քանի դեռ սա տեղի չի ունեցել՝ հարցը, իրավիճակը մենք գնահատում են որպէս ճգնաժամ, որը սպառնալիք է ստեղծում Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան, կայունութեան, տարածքային ամբողջականութեան համար, իրավիճակ, որը ձեւակերպուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ, Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագրով եւ Ճգնաժամային իրավիճակների արձագանգման Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կանոնակարգով»:

Փաշինեանի խօսքով՝ պէտք է քաղաքական միջոցներով կարենալ հասնիլ խնդրի լուծման, եւ եթէ հնարաւոր չէ, ուրեմն պէտք է գործի դրուին ռազմաքաղաքական մեքենականութիւնները, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրով եւ հայ-ռուսական պայմանագիրներով նախատեսուած գործառոյթներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment