Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ըստ Ալիեւին, Հայաստան «Կը Փորձէ Միջազգայնացնել Սահմաններու Խնդիրը»

Ըստ Ալիեւին, Հայաստան «Կը Փորձէ Միջազգայնացնել Սահմաններու Խնդիրը»

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահը բնորոշած է Երեւանի վերջին օրերու պահուածքը, որպէս «ոչ համարժէք արձագանգ»: Իլհամ Ալիեւ այս մասին ըսած է Ղազախիստանի նախագահ՝ Քասիմ-Ժոմարթ Թոկաեւի հետ այսօր՝ Մայիս 17-ին կայացած հեռախօսազրոյցի ժամանակ։

Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող կացութեան՝ Ալիեւ նշած է. «Այս պահուն սահմաններու յստակացում տեղի կ’ունենան եւ հայկական կողմը ոչ համարժէք արձագանգ կը ցուցաբերէ։ Այս հարցով Հայաստանի դիմումը՝ ուղղուած Հաւաքական Անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ոչ այլ ինչ է, քան հարցը միջազգայնացնելու փորձ: Այդ բացարձակապէս անհիմն քայլ է։ Սահմանին որեւէ ընդհարում տեղի չէ ունեցած, իրավիճակը կայուն է, իսկ բանակցութիւնները կը շարունակուին»։

Կիրակի օր պաշտօնական Պաքուի տեսակէտը ներկայացուցած էր նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, պնդելով, թէ սահմանին առկայ խնդիրները պէտք է լուծուին «երկկողմանի շփումներու միջոցաւ՝ հիմնուած կողմերու կառուցողական երկխօսութեան վրայ»։

Ատրպէյճանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Լէյլա Ապթուլաեւան նաեւ ընդգծած էր, թէ պետական սահմանին ծագած լարուածութեան պատճառները կը բխին նախորդ 2,5 տասնամեակներու ընթացքին ստեղծուած իրավիճակէն

«Սահմանային լարուածութեան հիմքը ատրպէյճանական հողերու անօրինական գրաւումն էր։ Ատրպէյճանը միայն կը վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը», – պնդած էր Ապթուլաեւան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment