Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարը Եւ Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարը Քննարկած Են Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարը Եւ Ֆրանսայի ԱԳ Նախարարը Քննարկած Են Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար՝ Էնթընի Պլինքընը եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար՝ Ժան-Իվ Լը Տրիանը կիրակի օր հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են պաղեստինեան-իսրայէլական հակամարտութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ-ի Պետական գրասենեակի խօսնակ՝ Նետ Փրայսի հաղորդագրութեամբ:

«Պետական քարտուղար՝ Պլինքընը եւ արտաքին գործոց նախարար՝ Լը Տրիանը խօսած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներու համագործակցութեան մասին եւ շեշտած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Յիշեցնենք, որ Մինսքի խումբի համանախագահներ՝ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան Ատրպէյճանէն պահանջած են դուրս հանել իր զինծառայողները Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment