Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան եւ Փութին Հեռախօսազրոյց Ունեցած են Սիւնիքի Զարգացումներուն Ծուրջ

Փաշինեան եւ Փութին Հեռախօսազրոյց Ունեցած են Սիւնիքի Զարգացումներուն Ծուրջ

by MassisPost

Հայաստանի ու Ռուսաստանի առաջնորդները Մայիս 13-ին հեռախօսազրոյց ունեցած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրադրութեան շուրջ՝ վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեանի նախաձեռնութեամբ։

Ըստ պաշտօնական Երեւանին, Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք՝ Սիւնիքի մարզ ներխուժման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակի, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ին դիմելու իր յանձնարարականի մասին։

Նախագահ Փութին, ըստ հայկական կողմին, «անթոյլատրելի է համարել հետագայ մագլցումը», եւ համակարծիք եղած հայկական կողմի հետ, որ «այս իրավիճակի լուծումը պէտք է արտայայտուի ատրպէյճանական զօրքերի՝ ելման դիրքեր յետ վերադարձով»։

Պաշտօնական Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան մէջ, սակայն, այս մասին որեւէ բառ չէ ըսուած։ Ըստ Ռուսաստանի նախագահական նստավայրին, Վլատիմիր Փութինը ընդգծած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդներու միջեւ Նոյեմբեր 9-ին ու Յունուար 11-ին ձեռք բերուած բոլոր պայմանաւորուածութիւններու խիստ կատարման անհրաժեշտութիւնը, նախ եւ առաջ՝ հրադադարի պահպանման մասով։

Ըստ Քրեմլինին՝ Ռուսական կողմը հաստատած է նաեւ աշխոյժ միջնորդական ջանքերը շարունակելու պատրաստակամութիւնը, եւ Երեւանի ու Պաքուի միջեւ սերտ կապերու պահպանումը՝ յանուն տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման։

«Նիկոլ Փաշինեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահին, կողմ արտայայտուած է կառուցողական երկխօսութեան եւ փոխգործակցութեան, որպէսզի ծագող բոլոր խնդիրները լուծուին դիւանագիտական ճանապարհով։ Անդրադարձ եղած է նաեւ Հարաւային Կովկասի տնտեսական ու փոխադրա-լոկիստիկ միջոցներու վերականգնման հարցերուն», – հաղորդած է Քրեմլին։

«Նիկոլ Փաշինեան Ռուսաստանի նախագահէն օգնութիւն չէ խնդրած, հայկական կողմը ծայրայեղ մտահոգութիւն յայտնած է սահմանին տիրող իրավիճակի վերաբերեալ», այսօր յայտարարած է Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։

Պատասխանելով հարցին` արդեօ՞ք Փութինն ու Փաշինեանը երէկ երեկոյեան կայացած հեռախօսազրոյցին քննարկած են ռազմական համագործակցութեան ընդլայնումը, Փեսքով ընդամէնը ըսած է, թէ Ռուսաստանի նախագահը կիսած է այդ մտահոգութիւնը։

«Նախագահ Փութին յատուկ նշած է [Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի] եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու բոլոր դրոյթներու, առաջին հերթին` հրադադարի պահպանման անհրաժեշտութիւնը», – ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment