Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը Ներխուժած Են Հայկական Տարածք։ Անոնք Պէտք Է Անյապաղ Ետ Քաշուին». Մաքրոն

«Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը Ներխուժած Են Հայկական Տարածք։ Անոնք Պէտք Է Անյապաղ Ետ Քաշուին». Մաքրոն

by MassisPost

Վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմմանուել Մաքրոնի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ, յայտնած են կառավարութենէն:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի առաջնորդները քննարկած են Սիւնիքի մարզին մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ներխուժելու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն ու զայն հանգուցալուծելու քայլերը:

Ֆրանսայի նախագահը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի իշխանութիւններուն ու հայ ժողովուրդին՝ խնդիրը խաղաղ կարգաւորելու գործով: Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի հաւատարմութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ ընդգծած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու անյապաղ դուրս ելլելու անհրաժեշտութիւնը:

Կառավարութեան հաղորդմամբ` Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահին երկրի ու հայ ժողովրդի նկատմամբ տեւական ուշադրութիւն ցուցաբերելու եւ բարեկամական վերաբերմունք արտայայտելու համար:

Իր հերթին Մաքրոն ընդգծած է, որ Ֆրանսան պատրաստ է հետագային եւս իր նպաստը բերել Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու լուծման եւ մեր երկրի զարգացման ու առաջընթացին:

Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը, անդրադառնալով այս հեռախօսազրոյցին, իր Դիմատետրի էջով աւելցուցած է, որ Ֆրանսան կը ցանկայ, որ տարածաշրջանին մէջ առկայ լարուածութեան իրավիճակի մասին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհրդի միջոցով բանաձեւ ընդունուի` կայունութիւն եւ անվտանգութիւն բերելու համար:

Նաեւ Ֆրանսայի նախագահը իր Դիմատետրի պաշտօնական էջով հայերէնով հետեւեալ գրառումը կատարած է. – «Ատրպէյճանի զինուած ուժերը ներխուժել են հայկական տարածք։ Անոնք պէտք է անյապաղ յետ քաշուին։ Եւս մէկ անգամ ասում եմ հայ ժողովրդին՝ Ֆրանսան համերաշխ է ու այդպիսին էլ կը մնայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment