Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան Վստահեցում է Որ Ներխուժուած Շրջաններու Ամբողջական Վերահսկողութիւնը Հայկական Կողմի Ձեռքն է

Պաշտպանութեան Նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան Վստահեցում է Որ Ներխուժուած Շրջաններու Ամբողջական Վերահսկողութիւնը Հայկական Կողմի Ձեռքն է

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան հեռախօսազրոյց ունեցած է ռուս գործընկերոջ հետ՝ Սիւնիքի մարզին մէջ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, Յարութիւնեան նշած է, թէ «բոլոր այն վայրերում, այդ թւում նաեւ Սեւ լճում, ուր ներխուժել են ատրպէյճանցիները, թէ՛ ամբողջ տեղանքը, թէ՛ զինուորականները եւ թէ՛ նրանց ապահովման ճանապարհները գտնւում են հայկական բանակի լիարժէք վերահսկողութեան տակ»։

«Կարեւորելով իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծման անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը միաժամանակ անթոյլատրելի է համարել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի հանդէպ ցանկացած ոտնձգութիւն»։

Ռուսական կողմի արձագանգի մասին որեւէ բառ չէ ըսուած։ Ռուսական կողմը եւս դեռ զրոյցի մասին հաղորդագրութիւն չէ տարածած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment