Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սիւնիքի Զարգացումներու Հարցով Հայաստան կը Դիմէ ՀԱՊԿ-ին

Սիւնիքի Զարգացումներու Հարցով Հայաստան կը Դիմէ ՀԱՊԿ-ին

by MassisPost

Արդէն երկրորդ օրն է, որ Սիւնիքի մարզի Սեւ լճի շուրջ եւ մերձակայ տարածքներուն մէջ պայթիւնավտանգ իրավիճակ կը տիրէ, Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան:

«Պատճառն այն է, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերի զինծառայողների որոշ խմբեր հատել են Հայաստանի պետական սահմանը եւ Սեւ լիճը պարփակելուն ուղղուած գործողութիւններ են արել: Հայաստանի զինուած ուժերը մարտավարական բնոյթի հակագործողութիւններ են իրականացրել: Յարակից որոշ տարածքներում դիրքաւորուած ատրպէյճանցիները մեր զինուժի մարտավարական հակագործողութիւնների արդիւնքներում հեռացել են զբաղեցրած բնագծերից», – ըսաւ Փաշինեան` աւելցնելով, որ այս պահուն դեռ շուրջ 250 ատրպէյճանցիներ կը գտնուին ՀՀ պետական սահմաններէն ներս` Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու որոշ հատուածներուն մէջ:

Ըստ Հայաստանի ղեկավարին` այս սադրանքը կրնայ ունենալ ոչ թէ տեղային խնդիրներ լուծելու, այլ ռազմական բախում առաջացնելու նպատակ:

«Ստեղծուած իրավիճակը լիարժէքօրէն համապատասխանում է ՀԱՊԿ յօդուած 2-րդի 2-րդ պարբերութեանը, համաձայն որի «մէկ կամ մի քանի մասնակից պետութիւնների անվտանգութեանը, տարածքային ամբողջականութեանը եւ ինքնիշխանութեանը սպառնացող վտանգի կամ միջազգային խաղաղութեանն ու անվտանգութեանը սպառնացող վտանգի դէպքում մասնակից պետութիւններն անմիջապէս կ’աշխուժացնեն համատեղ խորհրդակցութիւնների մեքենականութիւնը` իրենց դիրքորոշումները համակարգելու եւ ծագած սպառնալիքը վերացնելու նպատակով միջոցներ ձեռնարկելու համար», – նշեց Փաշինեան:

Ան յանձնարարեց քանի մը պաշտօնեաներու, որ միջոցներ ձեռնարկեն այս խորհրդակցութիւններու մեկնարկի ուղղութեամբ եւ ճգնաժամային իրավիճակներուն արձագանգման կանոնակարգով նախատեսուած ընթացակարգերու մեկնարկի համար: Ան նկատել տուաւ, որ փոխհրաձգութեան դէպքեր չկան, սակայն այս ամէնը անհրաժեշտ է հետագայ սրում թոյլ չտալու եւ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը, կայունութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment