Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿ կը Ցանկայ Առանց Խոչընդոտներու Մարդասիրական Մուտք Ունենալ Լեռնային Ղարաբաղ. Տիւժարիկ

ՄԱԿ կը Ցանկայ Առանց Խոչընդոտներու Մարդասիրական Մուտք Ունենալ Լեռնային Ղարաբաղ. Տիւժարիկ

by MassisPost

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամլոյ խօսնակ՝ Ստեֆան Տիւժարիկ անդրադարձած է ՄԱԿ-ի կողմէ Արցախի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրագործելու վերաբերեալ հարցին:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ին, ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մամլոյ խօսնակը օրական ճեպազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Արցախի մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրագործելու հարցին, ընդգծած է, որ ՄԱԿ կը ցանկայ առանց խոչընդոտներու մարդասիրական մուտք ունենալ Լեռնային Ղարաբաղ:

Ան աւելցուցած է, որ այդ տեղի չէ ունեցած Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ ստեղծուած խոչընդոտներու պատճառով:

«Մենք յոյս ունինք, որ առաջիկային մենք այդ հարցով առաջընթաց կը տեսնենք»,- ըսած է Տիւժարիկ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment